Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/123

Այս էջը սրբագրված է

մանկավարժ պահել, որ շատ քիչ թոշակով կը բաւականանայ։

Մեք հաց ունիմք, իւղ ունիմք, պանիր ունիմք եւ այլ կաթնեղէն բաներ. մեր վարժապետներ շատ սակաւապետ են, ժաժկով անգամ գոհ կը լինին։ Միայն թէ հոգացող, կարգադրող հեղինակ պէտք է, որ յորդորէ, առաջնորդէ ռամիկ ժողովրդին դէպ ի կրթութեան ճանապարհ։ Ո՞ւր է այդ սեպուհ պարտիք, նախ վիճակաւոր Առաջնորդին եւ երկրորդ վանական վարդապետներով։

Այլ աւա՜ղ, Թոռնիկ, մեր արդի Առաջնորդներ՝ գիտես թէ մի քաղաքական պաշտօնեայ դարձած են. բուն եկեղեցւոյ պաշտօնէութիւն, դպրոց, կրթութիւն, ուսումն եւ այլ ի բարձի թողի եղած են։ Այս բանիս համար, ո՞վ է մեղաւոր, ժողովո՞ւրդ թէ Առաջնորդ։ Մեք այնպէս կը դատենք, որ Առաջնորդն է մեղաւոր, վասն զի՝ նա մի հովիւ է, Աւետարանի պաշտօնեայ է, եւ սոսկ մի հոգեւորական սպասաւոր է քրիստոսի եկեղեցւոյն։

Բայց տես դու, ժողովուրդն իւր Առաջնորդին հոգեւորական պաշտօն մարմնացուցած է։ Նա չի պահանջեր Առաջնորդէն, որ իւր փակուած աչքեր հրաշքով բանայ եւ տեսնայ, թէ ի՞նչ բաներ կան աշխարհի վերայ, կամ իւր հոգեկան հիւանդութիւններ բժշկէ. այլ մի միայն հրաշք կը խնդրէ, որ Առաջնորդ Յիսուսի պէս՝ հինգ նկանակն օրհնէ եւ հինգ հազար մարդ կերակրէ։ Եւ այսպէս, քաղցած ժողովրդի հացի խնդիրն հաղթահարած է Աստուծոյ կենաց բանին, որոյ քարոզիչ մատակարար Առաջնորդն է, որչա՞փ ողբալի է, Թոռնիկ, ժողովրդին անգիտակցութեան վիճակ, որով այնպէս կը թուի, որ ինքն աւելի մեղաւոր է քան Առաջնորդ։ Այլ ո՞վ կարող է դատել զինքը, երբ ժողովուրդ իւր կեանքի խնդիրներով խեղդուած եւ անկձութեան մէջ պաշարուած, ամէն ճար Առաջնորդէն կը յուսայ։ Այո՜, պիտի յուսայ, քանի որ ժողովուրդ տգէտ է. ուսումն չունի, խօսել չգիտէ, երկրիս օրէնք չգիտէ, անշուշտ նա իւր դատին միջնորդ, փաստաբան՝ Առաջնորդ կը ճանչնայ։

Ուրեմն, Թոռնիկ, բան կը մնայ դարձեալ վանական վարդապետներուն վերայ, որոնք ազատ վիճակ ունին։ Մեծ պարտականութիւն ունին նոքա եւ երախտապարտ են գիւղական ժողովրդին համար ամենայն անձնուիրութեամբ աշխատել, այցելել գիւղէ ի գիւղ քարոզել, ուսուցանել, պարզ ու ընտանեկան ոճով խօսել այնպէս, որ հասկնայ ժողովուրդ եւ կարենայ ըմ-