Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/127

Այս էջը սրբագրված է

ագահության ախտէն։ Գութ ունէր, կը գորովէր խեղճերուն վերայ. կը սիրէր տալ՝ քան առնուլ. նա ունէր մի հաստատուն կամք, ինչ որ ձեռնարկել անվհատ ոգւով կաշխատէր յառաջ տանել, նախապաշարման կապէ արձակուած էր. նա թէեւ ունէր այնչափ ուսումն եւ ընդարձակ զարգացած միտք, բայց շատ ընդունակ էր ժամանակի յառաջդիմութեան։ Վերջապէս Դանիէլ վարդապետ միակ այցելու հովիւ էր գիւղական ժողովրդին համար, սորա համար ժողովուրդ զինքը կը սիրէր եւ ինքն եւս աւելի կը սիրէր գիւղացի ժողովուրդ։

Երանի՜ թէ շատնային եկեղեցւոյ այսպիսի անձնուէր մշակներ մեր առատ հունձերուն համար, դու տեսնայիր, Թոռնիկ։ Էն ժամանակ թէ ինչպէս գիւղական ժողովրդին վիճակ կը փոխուէր ու կը բարւոքէր։

Վերջացնելով այս ընդհանուր դասեր, ժամանակ եկաւ պիտի խօսիմ եւ յայտնեմ քեզ ա՜յն բան, որ առանձին քո կեանքին եւ մեր գերդաստանին կը վերաբերի:


ԻԱ.

ԹՈՌՆԻԿԻՆ

ՀԱՐՍՆԻՔ

է՜, Թոռնիկ, ես ծերացայ, մայրիկդ էլ պառաւած է, ո՞վ պիտի լինի տանուտէր եւ տանտիկին, որ շահէ ու պահէ մեր տուն։ Աւետիս տամ քեզ, քո ամուսնութեան ժամանակ հասած է. կարծեմ քսան տարին անցուցիր, դու գիտես գիւղացւոց հին նահապետական սովորութիւն, որ իրենց զաւակներ շուտով կը կարգեն, որպէս զի տան աշխատաւորներ հասնին։

Դու կը տեսնաս ես եւ դու միայն ենք, մեր հողագործութիւն բոլոր վարձկան մշակներով կը կառավարենք. լաւագոյն չէ, որ տնէն եւս աշխատաւորներ ունենամք։

Թող այս, Թոռնիկ, թէ ես եւ թէ մայրիկդ կը ցանկամք չմեռած՝ տեսնալ քո թագն ու պսակ։ Պապերու, Հայրերու եւ Մայրերու միակ ցանկութիւնն այս է, որ տեսնան իրենց զաւակներ եւ թոռներ, որոնք Աստուծոյ օրհնութեան պտուղներ են,