սակ շինեմ իմ ձեռքովս քեզ համար. բեր գլուխդ Թոռնիկ, դնեմ այս իմ պսակ. եւ այս պսակն, Պապկէդ պսակն եւ յիշատակն է, երբէք չը վերցնես գլխէդ մինչեւ մահուանդ օր։ Եւ երբ դու էլ կը ծերանաս Պապկի պէս, այդ պսակ քո անդրանիկ որդւոյդ գլուխ դիր, եւ այսպէս որդւոց որդի թող շարունակի. այդ պսակին խորհուրդ բացատրեմ քեզ, որ լաւ ըմբռնես եւ անեղծ պահես այս աւուր յիշատակ քո մտքին մէջ։
Ազնի՞ւ Թոռնիկ, իմ խորհրդաւոր պսակիս նշանակութիւն այս է, քահանան զքեզ կը պսակէ հողին հետ, գութանին հետ, դաշտի մշակութեան հետ. եւ ինչպէս Շուշանին հետ կապեց զքեզ քահանան, եւ դու տէր ես մինչեւ ի մահ, կարող չես զինքն թողուլ, այնպէս եւս Պապիկն զքեզ պսակելով կը կապէ մայրենի երկրին հետ, որ յաւիտեան չը պիտի թողուս՝ որ մեր հայրենի Պապկենական սեպհականութիւն է։ Ադամն ասաց եւ մարդիկ կասեն, թէ՝ կին մարդոց կեանքն է. միթէ հողն էլ մարդոց կեանք չէ՞, մարդիկ աշխարհիս վերայ հացով կապրին։ Շուշան քեզ զաւակներ պիտի բերէ. հողն էլ ձեզ հաց պիտի տայ, դաշտի մէջ արածող կովն ու ոչխար՝ ձեզ առատ—առատ կաթ պիտի տան. կաթէն իւղ ու պանիր կը շինէք. այս ամէն կարիքներուն վայելք հողէն չէ՞:
Այժմ, Թոռնիկ, ասա մշակներուն՝ առնեն գութան եւ տաւարներ, դառնանք երթանք ի տուն, մայրիկիդ եւ Շուշանին պէտք է յայտնեմ դաշտի պսակի խորհուրդ:
Մտիկ արէ՛ք որ խօսիմ ձեզ, բարի տանտիկին եւ Շուշան։ Ես այսօր, նոր փեսայ Թոռնիկ տարի դաշտ. գութան լծել տուի, մաճը Թոռնիկին ձեռք տուի, ձեռքս գլխուն վերայ դնելով՝ նահապետական օրհնութիւն կարդացի, եւ զինքն կրկին անգամ հողագործութեան հետ պսակեցի, հողին եւ գութանին հետ կապեցի, եւ գիտէ՞ք դուք, որ Պապկի պսակն անքակտելի պէտք է լինի. Թոռնիկ այժմ երկու կին ունի, իմացէք, մի կինն Շուշանն է, որու հետ պսակուեցաւ սուրբ ամուսնութեամբ. մի կինն էլ հայրենատուր ժառանգութեան հողն է, որու հետ ես կապեցի Հայր Աբրահամու օրհնութեամբ։ Շաշանն զաւակներ պիտի բերէ Թոռնիկին համար, հողն էլ հաց պիտի տայ բոլոր ընտանեաց համար։ Կաղօթեմ, որ Աստուած պահէ Շուշանն եւ շա՜տ ապրի, բայց Շուշանն մահկանացու է, թէ մեռնի, Թոռնիկ մի