Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/142

Այս էջը սրբագրված է

կը փոխէի, տունս առատութեամբ կը լեցնէի, աշխատութեամբ շատ երջանիկ ապրեցայ. երբ տեսայ թէ պիտի մեռնիմ, կտակ արի որ զիս քաղաք չի թաղեն, այլ տանին Առհակ գիւղ թաղեն. Աստուած շէն պահի այն գիւղ. որ շէն պահեց իմ տուն: Ասացէք Աստուած ողորմի նաղարաչի Մարդօյի հոգւոյն:»

Կարդա, Թոռնիկ, դորա կշտի միւս տապանաքար, որու վրայ մի հաւու պատկեր կը տեսնուի։

«Ես եմ հապան Մարկոս, գեղեցի էի, բայց հող չունէի. մտածեցի թէ ի՜նչ անեմ, որ ապրիմ. մի գիշեր երազի մէջ շատ հաւեր ու հաւկիթներ տեսայ, ասի սա իմ բախտն է. առաւօտ ելայ երազիս մեկնութիւն կատարեցի, առաջ մի փոքրիկ հաւնոց շինեցի, տասն հատ հաւ դնելով թուխս դրի, մի քանի տարուան մէջ հաւերուս թիւ հասաւ մինչեւ երեք հարիւրի, միշտ հաւ ու հաւկիթ կը ծախէի գեղի հիւրերուն եւ քաղաքացւոց. ես եւ իմ ընտանիքս լաւ ապրեցանք հաւու մսով եւ ձուազեղով: Աղուէսներ եւ կուզեր որ շատ թշնամի են հաւերուն, ես անոնց համար որոգայթ շինեցի, ամէն տարի ձմերան բաւական աղուէս եւ կուզ բռնելով՝ նոցա մորթերէն բաւական շահ կանէի: Հաւբանութեան շնորհիւ որսորդութիւն էլ սորւեցայ. վերջ մեռնելուս ժամանակ կտակ արի զաւակներուս, որ հաւնոց ու հաւեր երբէք ձեռքէն չը թողուն, որ միակ իրենց հացն ու ապրուստն է:

«Ասացէք Աստուած ողորմի հաւչան Մարկոսի հոգւոյն:»

Քիչ մի հեռու կերեւի մի գերեզմանաքար, որուն գրեր մամռոտած են Թոռնիկ, եւ վրան մեղուի փեթակի նշան կայ. կարդա տեսնանք ով է:

«Ես եմ մեղուապահ մշակ Պետօն, փոքրիկ տնակէս ի զատ ոչինչ բան չունէի. մտածեցի մտածեցի, գնացի պարտք արի, հինգ փեթակ առի, պզտիկ մեղուանոց մի շինելով մէջ դրի. Աստուած յաջողեց, մեղուներս բազմացան մինչեւ հարիւր փեթակ եղաւ, որք շատ առատ մեղր ու մոմ կուտային, թէ քաղաք տանելով դրամով կը վանառէի, եւ թէ գեղի մէջ հացի ու եղի հետ կը փոխէի. ընտանիքս մեղրով ու կարագով կը պահէի. մեռնելուս օր խրատ տուի անդրանիկ որդւոյս, որ չը հեռանայ մեղուանոցի դռնէն եւ մեծ խնամով պահպանէ մեղուներ, որ մեր ժրաջան անվարձ մշակներն են. կտակ արի նաեւ որ ամէն կիրակի եւ պատարագի օրեր գեղի եկեղեցւոյ սեղանին վերայ մոմ վառեն եւ քահանայն յիշէ զիս իւր աղօթքով: