յիշատակն օրհնեալ լինի:
Ասացէք Աստուած ողորմի մեծ տանուտէր հովիւ Յակօյի հոգւոյն»:
Դառնանք, Թոռնիկ, աստի, երթանք մեր աւերակ Աստուածածնայ վանք, որոյ տաճար միայն ողջ մնացած է. էդ Տաճարի դուրսի պատի տակ, ուր մի աղբիւր կը բղխի Տաճարի հիման տակէն, եւ աղբիւրին մօտ մի հաստաբուն ուռենի ծառ տնկուած է. աւանդաբար կասեն թէ այդ տեղ մի անյիշատակ գերեզման կայ առանց խաչաքարի, եւ այդ գերեզման աշուղ Մուշօյին է: Աշուղներ աշխարհիս վերայ աննշան համարուած աղքատ մարդիկ են, ո՞վ պիտի նոցա հոգին հոգայ, կամ յիշատակն պատուէ, մի խաչաքար տնկէ նոցա գերեզմանի վերայ, բայց երջանիկ է աշուղ Մուշօն, զի իւր գերեզմանաքար Աստուածածնայ փոքրիկ տաճարն է, որոյ հովանեաց տակ կը հանգչի արդար հոգի Մուշօն:
Ինչպէս լսած եմ, մեր գիւղի հին ծերունեաց պատմութենէն, պատմեմ քեզ, Թոռնիկ, Մուշօյի կեանքն ու վախճանն եւ դու լաւ ուշադիր եղիր, տե՞ս որչա՞փ խորհրդաւոր եւ հետաքրրքրական է։
Աշըղ Մուշօն բնիկ մեր գիւղի զաւակն է, եւ աշուղ Չիչակին աշկերտ եղեր է, որոյ գերեզման ցոյց կուտան այսօր հարակոնիս գիւղի սուրբ Թորոս եկեղեցւոյ դարի վրան։
Գիտէ՞ք, Թոռնիկ, աշուղներ ազատ կեանք սիրող մարդիկներ են, տնաշէն չեն. իրաւ է, որ շատ սիրահարական երգեր ունին, բայց իրենք ամուսնանալ շատ չեն սիրեր։ Կան աշուղներ ալ, որ աւելի բարոյական խրատներ ունին եւ գեղեցիկ բանաստեղծական գովասանքներ կը շինեն սուրբերուն վրայ։ Մեր աշուղ Մուշօն այս կարգէն էր։ Յիսուս առաքելոց պատուիրեց որ ցուպ եւ մախաղ չառնեն ի ճանապարհին, աշուղներ ճիշդ կը պահեն այս պատուէրն, անտուն, անընչասէր, թափառաշրջիկ մարդիկ են։ Միայն մի սազ ունին, կը ձգեն թեւերնին եւ կը շրջեն գեղէ ի գեղ. ուր հարսնիք, հոգեճաշ լինի, անհրաւէր, ազատ կերպով կերթան. գիտեն պարագային յարմար՝ ուրախական եւ ողբական երգեր ու խաղեր կանչել։ Ձմեռ ժամանակն իրենց համար շատ նպաստաւոր է. երբ գիւղացիք դաշտային աշխատութենէն կը դադրին, տաք ախոռներ կը քաշուին. մանաւանդ երբ լսեն թէ աշուղ եկեր է գիւղ, ամէն տեղերէ կուգան