Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/147

Այս էջը սրբագրված է

կը հաւաքին։ Երգահան աշուղ կսկսի իւր խաղն ու հեքիաթն։ Տեսնաս դու, Թոռնիկ, որչափ զմայլելով մտիկ կանեն մեր անգիր ու պարզամիտ ժողովուրդ, նոցա համար աշուղ տիրացուէն շատ գերազանց է, վարդապետի քարոզէն աւելի՝ հէքիաթն անուշ է։

Մեր Մուշօյի համար մի զուարճալի բան կը պատմեն։ Լսելով թէ մօտակայ գիւղ հարսանիք կայ, գիշերանց այնտեղ կերթայ, եղանակ ձմեռն է, սաստիկ էլ ձիւն կուգայ, ճանապարհին քանի հատ անօթի գայլեր զինքն կը պաշարեն։ Մուշօն ճարպիկ էր, գայլեր խաբելուն կերպ լաւ գիտէր. իսկոյն մէջկապ կը քակէ եւ ծայրը քաշ գետին կը ձգէ. գայլեր կսկսին ծայրին հետ խաղալ, մի կողմէն եւս իւր քէման կը զարնէ։ Կը թուի թէ Մուշօն փորձով գիտէր, թէ գազաններն էլ ականջ եւ ճաշակ ունին երաժշտութեան գեղարուեստին։ Այսպէս սիրտ դող աշուղ Մուշօն կերթայ կը հասնի մի մեծ ծառի մօտ, որ գեղէն քիչ հեռու էր, իսկոյն արագութեամբ Մուշօն ծառի վրայ կելլէ եւ կը շարունակէ գայլերուն սիրած եղանակը նուագել, ծառին բոլորտիք շարուելով կը նստին՝ մտիկ կընեն։ Գիւղի հարսնուորներ քէմանի ձայն առնելով կը հասկնան որ Մուշօն է կուգայ, դուրս կելնեն դիմաւորելու, խեղճ գայլերու քօնսէռն հարամ կը լինի։ Մուշօն ազատուելով կը մտնայ հարսնետունն եւ կսկսի նոյն քաղցը եղանակ զարնել։ Աշուղ Մուշօն գայլեր ողոքելով կրթեց, որ մարդ չուտեն, իրենց բաժին կերակուր միայն ոչխարն է։ Կը թուի ինձ Մուշօյի միտքն այն էր, որ գայլեր կրթելէն յետոյճ կուզէր գեղացւոց բրտութիւնն էլ կրթել, որ իրարու միս չուտեն, ոչ թէ անոր համար՝ որ արենակից եղբայր են, այլ առաւել Յիսուսի պատուէրին համար, որ կուսուցանէ թէ դուք ամենեքեան եղբայր էք։

Մուշօն միայն գիւղական ժողովուրդին աշուղն էր. նա չէր սիրեր երբէք քաղաք էրթալ, նա կը սիրէր աւելի գիւղեր, դաշտեր, լեռներ, ծաղիկներ, կարկաչահոս աղբիւրների ջուրեր։ Վերջապէս նա շատ սիրահար էր Արարչին ձեռքով նկարուած բնութեան պատկերին։ Սորա համար նա երբեմն, գիւղէն աներեւոյթ կը լինէր։ Իւր սիրական ընկեր սազն էր, կը ձգեր թեւ, կէրթար ման կուգար դաշտային ու լեռնային վայրեր, նա ամէն տեղ իւր փոր կշտացնելու համար հաց կը գտնէր։

Մեր գիւղացի աշուղ Մուշօն, շատ մեծ անուն ունէր, իւր