Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/153

Այս էջը սրբագրված է

էր Տրպազեան Ագրիպպաս, բնիկ Վանեցի, ու Հայրիկի տան դրացի։

Այս հանգուցեալ բարի անձն, ես էն ժամանակէն կը ճանչնամ, երբ Հայրիկ առաջին անգամ պանդխտեցաւ ի Պօլիս, որ դեռ վարդապետ չէր, այլ Մկրտիչ Վարժապետ։ Իբրեւ հայրենակից եւ մտերիմ բարեկամ, այդ բարեսիրտ եւ զուարթամիտ անձն, միշտ ասպընջական կը լինէր Հայրիկին, նորա ամէն անձկութեան կը հասնէր եւ դիւրութիւն կուտար։ Սորա կարգին՝ չեմ մոռնար յիշել Պարոն Գրիգոր Ջրբաշխեան, որ գիրք ու կարդալ սիրող մարդ էր. առանց դպրոցի ու քերականութեան, անսխալ կը հասկնար լեզուն, եւ յաճախ կարդալով՝ վարժուած էր գրոց բառերու ուղղութեան։ Երբ առաջին անգամ Հրաւիրակ Արարատեան կը տպագրուէր, շատ անգամ սխալ տեղեր Հայրիկին ցոյց կուտար։ Դեռ կենդանի է ինքն, եւ այժմ իբրեւ անվեղար վարդապետ կապրի Վարագայ վանուց մէջ, պարապելով նոյն ընթերցասիրութեան։ Սա եւս իբրեւ մանկութենէ ծանօթ, մտերիմ բարեկամ էր Հայրիկին, զոր միշտ կընդունէր իւր պանդխտավայր յօթեւանն։

Իսկ երբ Հայրիկ տպարանով վերադարձաւ ի Վան եւ հաստատեցաւ ի Վարագայ վանք եւ սկսեց իւր ձեռնարկութիւններ, յիշեալ Մ. Ագրիպպաս՝ անձնուէր հոգով օժանդակ եւ աջակից էր Հայրիկին. նա միայն սոսկ խօսքով քաջալեր չէր կարդար, երբ տեսնար Վարագայ վանուց անձկութիւն, պէտք եղած դրամ փոխ կուտար առանց տոկոսի, եւ մերթ եւս պարտամուրհակներուն ամեն վստահութեամբ կերաշխաւորէր։

Հանգուցեալ հոգին մեր գիւղին էլ բարերար եղած է, Թոռնիկ, նա թէպէտ արուեստով դապաղ էր, բայց կը սիրէր գիւղական կեանք եւ մշակական աշխատութիւն. սորա համար մեր գիւղացւոց հետ յարաբերութիւն ունէր, եւ միշտ կերթեւեկէր։ Առաջին անգամ նա պատճառ եղաւ մեր գիւղի մէջ դպրոցի հաստատութեան։ Նա ձեռնարկեց էրմանց գիւղի սահմանին մէջ գտնուած Առճակու լճին քանդուած թումբն վերստին շինել, որոյ առատ ջուր մեր դաշտի արտերուն վերայ գալով, ցանքերու արդիւնաբերութիւն բազմապատիկ կը լինի։

Աստի իբր երեսուն տարի յառաջ, մի օր իրիկուան առջի գիշերապահուն՝ չարաշուք աւազակներ Աղտաղու կամ Արտայլու դաշտի մի ձորակի մէջ քաշելով՝ չարաչար հարուածներով