Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/164

Այս էջը սրբագրված է

անմահ մնաս, ժողովուրդն զքեզ յիշէ եւ քո յիշատակն օրհնէր Սիրելիի Թոռնիկ, դեռ քեզ հետ պիտի խօսիմ, բայց կը ցանկամ որ այսօր մեր գիւղ ի քահանաներ, տանուտէրներ եւ համբաներ կանչես. Պապիկ պարտական է իւր վերջին մնաս բարով տալ գիւղի ժողովուրդին, որոց հետ այսչափ ժամանակ ապրած եմ, եւ վայելած եմ շատ նոցա յարգանքն ու պատիւ. ինչպէս քեզ, գիւղացւոց համար էլ կտակի պատուէրներ ունիմ։

Բարի եկաք, իմ սիրելի եւ աչքի լոյս գիւղացիք, կը տեսնաք Պապիկ պառկեր է, էլ վեր ելնելու յոյս չկայ, զձեզ կանչեցի, որ իմ վերջին ողջ. մնայք ասեմ ձեզ եւ երթամ իմ ճանապարհ, որ շիտակ դէպ երկինք կը տանի. այնպէս կը հաւատայ Պապիկ ծառայն, որ իւր Տիրոջ տեսոյն արժանի պիտի լինի։

Կը յիշե՞ք Թոռնիկին հարսնիքին օրն, երբ կերաք հարսանեաց ճաշն, խմեցիք Շահպազու գինին, սկսեցիք ուրախական խաղեր կանչելով, թէ կերանք Թոռնիկին ճաշն, բարով ուտենք Պապկի ճաշն, եկաւ ահա հասաւ այն օրն, որ պիտի ուտէք իմ հոգեճաշն։

Սիրելի՛ գիւղացիք, անուշ ուտէք. բայց պէտք է Պապկի վերջին խրատներն էլ ճաշի պէս ուտէք։ Անշուշտ դուք կիմանայիք, որ քանի տարիներէ ի վեր ես իմ Թոռնիկիս շատ դասեր ու խրատներ տուի, թէ գիւղական երջանիկ կեանքի համար եւ թէ հողին ու հողագործութեան արուեստին յառաջդիմութեան համար, վերջին անգամ Թոռնիկիս իբրեւ կտակ ապսպրեցի, որ ինքն էլ նոյն դասերը ձեր զաւակներուն աւանդէ։

Իսկ այժմ կենդանի բերանով իբրեւ կտակ կը թողում ձեզ, Պապիկ իւր մահուան մահճին մէջ պառկած դեռ խօսել կուզէ ձեզ հետ։ Լսեցէք, ինչ որ կը խօսիմ, բարեմիտ գիւղացիք։

Տէր Աստուած աշխարհիս վայելչութեան լաւագոյն մասն գիւղական ժողովրդին բաժին հաներ է։ Կը տեսնա՞ք, ձեզ տուած է հողագործութեան ընդարձակ դաշտերը, լեռները, հովիտներ, գետեր, աղբիւրներ, Աստուծոյ մշակած բիւրազան բոյսերով եւ ծաղիկներով զարդարուած։ Դուք ճիշդ բնութեան դրախտի մէջ կը բնակիք եւ կը վայելէք նոյն բնութեան տուած առատ ու անսպառ բարիքներն, այն ինչ քաղաքացիք այս դրախտէն դուրս կապրիե. նոցա վայելչութիւն իրենց ձեռագործ մեծամեծ շէնքերն են. նոցա ամէն պերճանքներն, միշտ վաղանցուկ եւ փո-