Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/205

Այս էջը սրբագրված է

օրինաց ցանկին վերայ, զոր օրինադիր Արարչին ձեռք խնամով հիւսեր է. թող չը ժպրհի հեստող եւ ստահակ մարդը խրամատել անցնել Աստուծոյ պարսպած ցանկէն։ Եթէ միանգամայն քակուի այդ ցանկը, ընդարձակ ասպարէզ կը բացուի խստապարանոց մարդոց առաջ. այնուհետեւ ոտնակոխ լինելով ամուսնական օրինքը. կը խախտի ընտանեկան կեանքին այն յաւիտենական ու հաստատուն հիմն, որով եւ վերի վայր կը շրջին մարդկային ընկերութեան ամբողջ շէնքը. մարդիկ անասնակենցաղ լինելով՝ կեանք կը վատթարանայ աշխարհիս վերայ, եւ վատթարանալով կը մեռնի դրախտի եօթը հազար տարուան ընտանիքը իւր ամէն սերնդով։


Ե.

ՏՈՒՆ

ԵԻ

ԸՆՏԱՆԻՔ

Ինչպէս որ երկու պսակաւոր լծակիցներին ամուսնական միութիւն կը կազմուի, այսպէս նաեւ նոյն զուգակից միութենէն կը ծնի եւ կաճի ամբողջ ընտանիքը, որոյ նախածնող անդամներն են հայր եւ մայր. իսկ ծնեալ անդամներն են արու եւ էգ զաւակները քոյր, եղբայր. որք երբ ամուսնանան՝ փեսաներով, հարսներով եւ թոռներով կը յաւելուն ընտանեաց թիւը:

Ուստի ընտանեկան կեանքին եւ տան շինութեան հիմնաքարեր կը համարուին հայր եւ մայր։ Ո՞րչափ սքանչելի զարմանալի են ամուսնական պարտէզին մէջ այս երկու մանանեխի փոքրիկ հատիկները, որ ըստ Աւետարանի առակին՝ երթալով աճելով մեծ ծառ կը լինին եւ իրենց բազմապատիկ ճիւզերը կը համասփռեն բոլոր աշխարհը։ Վասնզի ամուսնական արմատին ընտանիքը կը հաստատուի, ընտանիքին ժողովուրդ,