Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/207

Այս էջը սրբագրված է

չար օրինակներին, ժողովուրդին կեանքը կը բարւոքի կամ կը զեղծանի, կը շինուի կամ գայթակղութեամբ կը փլչի. կենդանի կը մնայ աշխարհիս վերայ կամ կենդանւոյն կը մեռնի, եւ իւր յիշատակ կը բարձուի աշխարհիս։

Ժողովուրդը եւ ազգերը միայն հացով չեն ապրիր. թագաւորութեամբ եւ ազատութեամբ չեն բարձրանար, այլ առաւել բարոյական կեանքով. եւ այդ կենսական կեանք տուողը ընտանիքն է։ Ուշադիր եղիր, եւ ես նկարագրեմ քեզ։

Ժողովուրդը եթէ կը յառաջդիմէ՝ իւր առաջին քայլը ընտանեաց սրահին կառնու. եթէ կը լուսաւորի, իւր լոյսը ընտանեկան ճրագէն է. եթէ կը միանայ, իւր ոգին եւ կապն ընտանիքն է. եթէ կը զօրանայ իւր ուժ եւ բազուկն ընտանիքն է. եթէ կը հարստանայ, իւր գանձարան եւ գանձապետն ընտանիքն է. եթէ իւր տուն եւ սեղան բարելից եւ առատ է, արդիւնաբեր անդաստանը ընտանիքն է. եթէ դրախտի գետերը կը վազեն իւր հրապարակը՝ աղբիւրը դրախտի ընտանիքն է. եթէ իւր կարասները լի են գինւով՝ կը խմէ կուրախանայ, խաղողաբեր այգին ընտանիքն է. եթէ բարեծնունդ զաւակներով օր ըստ օրէ բիւրապատիկ կաճի, իւր նախածնող խնամատար ընտանիքն է, եթէ իւր զաւակները բարեկիրթ քաղաքացի պատրաստել կուզի, իւր բարեկրթութեան առաջին համալսարան ընտանիքն է. եթէ աշխարհիս վերայ երջանիկ ապրիլ կուզի, թող հաւատայ, որ երջանկութեան կեանք բղխող աղբիւր ընտանիքն է. եթէ եըկրէս յետոյ երկինք եւս ժառանգել կուզէ՝ պահելով իւր հայրենի կրօն, հաւատ եւ եկեղեցին, այո այդ սուրբ աւանդները անեղծ անկորուստ պահելու խորանն ընտանիքն է։ Զի այդ գանձը եւ Աւետարանի անգիւտ մարգարիտը աշխարհիս շահավաճառութեան հրապարակին միջ, կառավարութեանց դահլիճներու մէջ, գիտութեանց ճեմարանաց մէջ անկորուստ չեն պահուիր, այլ միայն դորա հաւատարիմ աւանդապահ ընտանիքն է։

Տեսար, մտադիր ընթերցող, այս նկարագրին միջ քեզ յանդիման բերի. թէոեւիցէ ժողովուրդ իւր բարոյական կենաց տիպարը ուղղակի ընտանիքին կառնու, եւ պարծանօք ցոյց կուտայ աշխարհի թէ ինքն բարեկիրթ ընտանեաց զաւակ եւ ժողովուրդ է։

Տեսնանք նաեւ սորա հակադիր պատկերը, եւ աւագ աչքով նկատենք. որ չարաբաստ ապերջանիկ ժողովուրդ իւր կեանքի