Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/209

Այս էջը սրբագրված է

նիքն է։ Իսկ այդ ազնիւ ու պատուական տարերքը ո՛վ կը ստեղծէ, ով կը կազմէ եւ ո՛վ կը պատրաստէ զայն ժողովուրդին եւ ազգին համար, ես խօսիմ քեզ, այդ պատրաստող ձեռք՝ ուսումն եւ դաստիարակութիւնն է, որ պէտք է տարածի նախ այն ամէն յարկերուն տակ, ուր կը բնակի ընտանիքը։ Ճշմարիտ է, որ ժողովրդական դպրոցները լոյս եւ գիտութիւն կը սփռեն, սակայն բարի դաստիարակութեան տուրքը՝ միայն ծնողաց սեպհական է. զի առտնին դպրոցին ծայրագոյն եւ բնական վարժապետ նոքա են, ուրիշ ոչ ոք այդ վեհ պաշտօն չունի։ Ընտանեկան դաստիարակութեան մասին դարձեալ երկարօրէն պիտի խօսինք իւր տեղը, այժմ սկսինք խորհրդածել ընտանեկան միութեան եւ բաժանման, զարգացման եւ նուազման ներքին եւ արտաքին պատճառներու վերայ։

Ընտանեկան միութիւնը բուն նահապետական կեանքին օրինակն է, որով ընտանեկան ճիւղերը մի արմատէն շառաւիղելով միշտ մի ընտանիք կազմել եւ մի տան յարկի տակ բնակիչ. զոր կը դրուատէ Դաւիթը թէ «Զի՜ բարի կամ զի՞ վայելուչ, զի բնակին եղբարք ի միասին»։

Այս միութեան կեանքը առաւել գիւղացի ժողովրդոց համար փափաքելի եւ օգտակար համարուած է. վասն զի տան մի երկրագործ աշխատաւորները որչափ շատ լինին, այնչափ աւելի կընդարձակեն իրենց վարուցան, եւ արդեանց մեծ շահեկանութիւն կը ստանան։

Շինական ընտանիքը շատ ցաւ կզգան, եւ տան աւերումն եւ քանդումն կը գուշակեն եթէ ընտանեաց բաժանումն պատահի, եւ բախտ մեծ կը համարին, յորժամ տան ծերունի նահապետ ողջ է, ու կը կառավարէ որդի քները եւ աթոռները. նմանապէս մայր տանտիկին իւր հարսները եւ աղջիկները. ո՞րչափ փառք եւ պարծանք կը համարին, երբ նորածին մանուկներու օրօրոցներով կը լեցուի եւ կը ցնծայ տունը։ Դեռ մանուկ էի, աստի իբր 50 տարի յառաջ կը պատմէր հայրս, որ իւր ուղեւորութեան մէջ Մշոյ հացեաց գաւառը մի գիւղական մեծ ընտանիքի հիւր եղած է եւ զարմացեր է երբ քսանի չափ նորածին տղոց օրօրոցները համրած է. թերեւս ամբողջ ընտանեաց թիւը Յակոբ նահապետի ընտանիքէն աւելի եղած են։

Սակայն նկատել պէտք է, որ ամէն բաժանում ընտանեկան բարգաւաճման արգելք չէ՛. անշուշտ կարեւոր է, որ ընտանեաց