էլ քեզ հետ առեր էիր, որպէս զի տեսնա՜ր նա Հայոց աշխարհ, Հայոց Մայր Աթոռ, մեր Լուսաւորիչ Հօր հոգեւոր ծննդաբանն, որ ծնաւ զազգ մի ողջոյն, տեսնար նաեւ Արաքս դրախտի գետ, ոյր անունով նա կնքուած էր: Այդ մի բաղդ էր թէ քեզ եւ թէ նորա համար, գէթ միանգամ խմել Երասխին անմահական ջուր եւ պահել ու յիշել միշտ մեր Հայրենեաց այդ յաւերժական յիշատակ:
Կիւլպէնկեան տան ողբաց քեզ, ոդրացին սիրելիք եւ բարեկամք. Հայրիկն էլ քո բարեկամն էր, որ քան զամէն աւելի ոդրաց. ի մանկութենէ կը ճանաչէի զքեզ եւ ոգւոյդ գեղեցիկ յատկանիշներ: Միշտ պայծառ եւ զուարթագին էր քո դէմքը, իբրեւ մի բացուած գիրք, ես կը կարդայի սրտիդ եւ ոգւոյդ նշանագիր, որ դպրոցի կրթութեան օրէն մի բառ միայն խորագծուած էր՝ յառաջդիմութի՜ւն: Եթէ սոսկ աշխարհիս գիտութեանց յառաջդիմութիւն լինէր այն՝ ես այնչափ մեծ չէի համարեր, եթէ Կիւլպէնկեան տան Աստուածպաշտութեան հաւատք համընթաց չը լինէին յառաջդիմութեանդ հետ:
Ձեր հին հայրենատուր վաճառականութեան ասպարիզին մէջը անվախ եւ խիզախ յառաջ կէրթայիր եւ ի՜նչ էր քո միտք եւ նպատակը, հարստանալ, մեծանալ եւ սոսկ աշխարհի պերճութեամբ վարիլ եւ վայելե՜լ կեանքը, ոչ, հարստանալ միայն բարերարելու համար, ազգին, եկեղեցւոյն եւ Հայոց լուսաւորութեան համար եւ միշտ առատաձեռնել:
Այլ աւա՜ղ, դու տարաժամ մեռար, ապագայ յոյսերդ անպսակ մնացին: Եւ ո՜վ աշխարհիս մէջ լի պսակեալ յուսով ի գերեզման գնաց: Ո՜հ, ողբացեալ փոքրիկ Յուսիկ ժառանգ մի թողիր Կիւլպէնկեան տան եւ գնացիր, ո՜վ գիտէ, խնամակալ երկնից Հայր պահպանելով զայն, մի օր մեծանայ, զարգանայ, յառաջդիմէ, յիշէ իւր հօր յիշատակ եւ պսակէ քո յոյս եւ քո ազնիւ նպատակը:
Իսկ Հայրիկ Արարատայ աշխարհէն, ծեր Արագածայ հովտէն, Մասիսի Նոյայ դարաստանէն եւ Վասպուրականի Վարագայ սարէն «ՊԱՊԻԿ եւ ԹՈՌՆԻԿ» իբրեւ ծաղկեփունջ մի կապելով կը պսակէ քո անուն եւ յիշատակ միշտ կենդանի եւ անմահ պիտի մնայ:
Իսկ դու բարեգորով երիցագոյն ժառանգ Կիւլպէնկեան գերդաստանին, սիրեցեալդ իմ Պատրիկ, առ իմ այս ծաղկեփունջ պսակ, տար դիր հարազատիդ գերեզմանին վերայ. այդ պսակն անթառամ է, դու դարձիր ի տուն, գրկէ եւ համբուրի ողբացեալ մանկիկն, ասա՛, ես եմ այսուհետեւ քո հայր եւ խնամակալ եւ բաւ է: