Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/212

Այս էջը սրբագրված է

գիտութիւնը իւր հետ զուգընթաց է։ Ուստի Հայոց ընտանիքը պէտք է այժմէն իրենց աչքը բանան գիտութեան լուսով եւ բարի դաստիարակութեամբ պատրաստուին, միայն այսու կարելի է քաղաքակրթութեան խառնուրդէն բարի մասն ընտրել։ Իսկ եթէ լոյս եւ դաստիարակութիւն թողու, ապուշ ու տգէտ լինելով բարի մասն ընտրել չգիտնայ, իւր բերան բանայ հեղեղին դէմ, ամէ՛ն ամէ՛ն ասեմ քեզ, մտադիր ընթերցող, Հայոց ընտանեկան կեանքը պիտի խեղդուի. աւա՜ղ կարդամ այն ընտանեաց, որ փոխանակ ի մի կողմ փախչելու, հեղեղի հոսանքին առաջ կեցած փորձ կը փորձեն. կը տեսնան իսկ իրենց աչքով որ շատ ընտանիք խեղդուելով իրենց դիակները դեռ այսօր Վոսփորի ծովուն երեսը կը տատանին. որով ջնջեցալ իսպառ իրենց ընտանեկան սեռն ու ճետն։ Այնպէս չը կարծենք թէ այդ արեւմտեան հեղեղը՝ միայն արեւելեան ընտանիքները կը խեղդէ իւր զեղխութեան հոսանաց մէջը, ոչ, այդպէս չխորհինք՝ Բաւաստի լինելով, որ նոյն իսկ Եւրոպիոյ քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ շատ ընտանիքներ կը խեղդուին ու կը ջնջուին. միայն նոքա կապրին ապահով, որոց փրկութեան տախտակը միայն ընտանեկան կրթութիւնն է։

Հետեւինք ու հաւատանք ուրեմն թէ այդ է միայն Հայոց ընտանեաց ապաւէն, թող ամէն ընտանիքը գրկէ այդ կրթութեան փայտը, որ Քրիստոսի կենաց փայտին պէս պիտի պատսպարէ զինքն։


Զ.

ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ

ԿԱՄ

ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ

ԽԱՓԱՆԱՐԱՐ ԶԵՂԾՄՈԻՆՔՆԵՐ

Մարդիկ, որ ամուսնութեան պտուղ եւ արգասիքն են ի բնութենէ, եւ բնապէս կը սիրեն ամուսնութիւնը, ի բաց թողլով այն