չունի, կը ճնշուի, կը հարստահարուի թէ իւր ձեռքով թէ օտարին, իւր հացը դառնութեան հաց է, իւր ջուրը՝ կարօտանաց, իւր օրերը վշտըմբեր են, իւր կեանքն ապերջանիկ. նա կը դողայ միշտ այն ամէն արհաւիրքէն որ զինքն շրջապատեր են. ինչպես կարելի է յուսալ թէ այդպիսի ժողովուրդը հարսանեաց թմբուկ զարնէ, պար խաղայ, ամուսնանայ, ընտանեաց հայր լինի, ժողովուրդին թիւ յաւելու, ազգ, Հայկայ սերունդ բարգաւաճի ու բարձրանայ։
Հայ ժողովուրդին այս անյուսալի վիճակը, որ մեծապէս արգելք ու խափանարար է իւր ամուսնական կեանքին ու բարգաւաճման համար, այլ եւս տակաւին կը մխիթարուիմ մեր հայրենի ժողովրդոց ընտանեկան կեանքին վերայ, որ թէպէտ տառապեալ է, աղքատ է թէ՛ հայրենեաց եւ թէ՛ պանդխտութեան մէջ. սակայն որչափ քաղցր ու նուիրական պարտիք է նոցա համար ամուսնասիրութիւն եւ ընտանիք։ Նոյ նահապետի հարազատ թոռները նոքա են տիրապէս, որ չեն մոռնար իրենց մեծ պապան այն սուրբ յիշատակները, որ նահապետական կեանքը ժառանգութիւն թողած է իւր մնացորդ զաւակաց։ Այդ Ժառանգութիւն ի՞նչ է, գիտե՞ս, գանձ չէ, ոսկի եւ արծաթ չէ, ադամանդ չէ, այլ դրախտի ամուսնական օրհնութիւնը, որ Ադամէն սկսեալ նահապետէ առ նահապետ անցնելով հասաւ մինչեւ Յաբեթի ու Հայկայ տունը, որոյ մնացորդ զաւակները այդ Աստուածապարգեւ հարստութեան տէր եւ ժառանգորդ են։
Դու չե՞ս զարմանար, մտախոհ ընթերցող, թէ ինչպէս այլ եւ այլ պատճառներէ եւ ա՜յնչափ ժամանակ գաղթականութեանց երեսէն, տակաւին շէն մնաց Հայկայ տուն. թէեւ իւր փառաց շուքը կողոպուտ տուաւ. բայց շատ պինդ պահեց այս օրհնութիւնը, որով մնաց ու դարձեալ պիտի անջինջ մնայ Հայկայ տուն եւ ընտանեաց յիշատակ Հայոց աշխարհէն։
Ո՜վ դուք անմահ ընտանիք հայրենեաց. խնամով պահեցէք այդ սուրբ օրհնութեան աւանդը, որպէսզի աճի կենդանի մնայ Հայկայ տան նահապետական սերունդը։
Ինչպէս տեսանք թէ դառն չքաւորութիւն եւ պանդխտութիւնը ստուգիւ մեծապէս խափանարար են Հայ ժողովրդոց ամուսնական կեանքին. այլ այս կեանքին հետ նկատել արժան է նաեւ գաղթական Հայոց վիճակը, թէ արդեօք նոցա համար ի՞նչ են խափանարար առիթները. որ հայրենիքէն դուրս մեծ