Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/221

Այս էջը սրբագրված է

մանը։ Այս օրէնքը թէեւ կարծեն ոմանք թէ դրական է, կամ մարդոց մտացածին գիւտ. սակայն ոչ միայն բնական է, այլ եւ բանաւոր մարդոյն համար նաիրական եւ սուրբ է. նովաւ է, որ մարդոյն ազնուութիւնը կը բարձրանայ եւ կը զանազանի անազգի եւ խառնազոյգ անասնոց կարգէն եւ քաջառոյգ կը բեղմնաւորին ընտանեկան պարտիզին մատաղատունկ ծառերը։ Արենակցական ամուսնութիւնը ոչ միայն Եկեղեցւոյ օրինաց բարոյապէս հակառակ է, նաեւ բնապէս վնասակար է ազնուասերունդ ընտանիք կազմելու. եւ առ այս միաձայն կը վկայեն հին եւ նոր աշխարհ, տգէտ եւ իմաստուն առ հասարակ. եւ արդի ժամանակիս քաջափորձ բնագէտներ եւ բժիշկները փորձով կապացուցանեն ազգակից ամուսնութեան չար հետեւանքները։

Որչա՞փ անբարի է մեր ժամանակը. յորում այս վսեմ օրինաց գիրը սկսեր է հետզհետէ եղծանիլ եւ հին զեղծմունքն օր ըստ օրէ կը բազմանալ ազգին մէջ. զոր վերջացուց Մեծն Ներսէս, եւ տաժանելի աշխատութեամբ հազիւ հազ կարկատեց այդ օրինաց ցանկը։ Այլ գիտե՞ս, ուշիմ ընթերցող, թէ ո՞յք էին Հայոց ազդի կարգէն այդ Աստուածագիր ցանկ խրամատող ձեռք. հասարակ ժողովուրդ չէր, աղքատ ընտանիք չէին. հապա Հայոց նախարարներ եւ իշխանազուն ընտանիքը. որք առանց ակնածութեան կը հեստէին Եկեղեցւոյ սահմանադրութեան դէմ եւ հայրապետին հովուական գաւազանը խորտակելով՝ կամուսնանային. զաւակները կամուսնացնէին մերձաւոր ազգախառնութեամբ եւ սորա պատճառը չէ թէ միայն իշխանական պերճութիւնն էր, այլ առաւել վատ ագահութեան նախանձը. որ տոհմական հարստութիւնը պահուի ու չժառանգէ զայն ժողովուրդին արժանաւոր զաւակը։

Դատեցէք, ժողովուրդ Հայոց, այս եղծումն, որ այժմ եւս կը տարածի ազդին մէջ. ով է պատասխանատու, նոքա որ սոնքացեալ հպարտանալով իրենց զօրութեան վերայ կը ստահակին այս օրէնքին դէմը, չէ՞ մենք եկեղեցւոյ պաշտօնեաներս, որ չկրելով մեր այն վեհ նախնեաց սաստող ու նախանձաւոր հոգին՝ անկարող կը լինիմք հսկել օրինաց ցանկին վերայ. այլ կը խոնարհիմք ժամանակի կեղծաւորութեան հետը եւ սորա անունը կը դնեմք խոհեմութիւն, քաղաքականութիւն, ժամանակի պահանջման վարմունք, եւ մերթ եւս երբ յաջողի օրէնք ծանրագնով վաճառել, այդ եւս կը համարիմք մեզ համար պար¬