Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/227

Այս էջը սրբագրված է

տնէ՞ն բերէ։ Վա՛շ, որչա՞փ շատ գոհ կը լինիք եթէ իւր էրկան համար մեծագումար դրամագլուխ մի եւս հետը բերէ եւ նուիրէ. հոգ չէ թէ սիրտ եւ սէր չը նուիրէ. հոգ չէ թէ կրթութիւն եւ կնոջ վայելուչ արժանաւոր ձիրքերը չունենայ։

Թողում ձեր ծնողքը, ուղղակի ձեզ հետ խօսիմ, ո՜վ դուք ամուսնացող երիտասարդք Հայոց, չգիտեմ ձեր հայրեր, մայրեր եւ ընտանիքը, ձեր ամուսնութիւնը շահավաճառութեան միջո՞ց կը համարին, եւ բարւոք կը դատին առանց ձեր քրտանց՝ ձեր բախտը պատրաստել, դուք կը հաւանի՞ք, կը զիջանի՞ք եւ կը նուաստանա՞ք այնչափ, որ կնոջ հացով ապրիք, կնոջ շնորհիւ ընկերութեան մէջ պատիւ ունենաք եւ յայնժամ պարծի կին թէ ես հարստացուցի զայրս եւ այլն։

Եթէ ասէք թող մեր կիները մեզ հարստութիւն բերեն. թող նոցա բարոյական արժանաւորոլթիւնը պակաս լինի, այդ հաշիւը ներկայ աշխարհիս մէջ աւելորդ է. մարդիկ ինչպէս կուզեն թող դատեն։

Եթէ այսպէս, ուրեմն ցոյց կուտաք, թէ պարտուց եւ իրաւանց կշիռ չունիք. պատուոյ զգացումն չունիք, արութեան վայելուչ մեծանձն ոգի չունիք։ Ցոյց կուտաք նաեւ թէ անգործ էք. անարուեստ էք, անվաստակ էք. պարապորդ կը շրջիք, բախտի միայն սիրահար էք, հայրենի արհեստները կը մերժէք, ցածութիւն կը համարիք, որպէս թէ մտքով, կրթութեամբ բարձրանալով ազնուացած էք. երկաթագործի, կօշկակարի եւ դերձակի խանութէն անցնիլ չէք ուզեր, դէպի Բարձր դուռը կը հայիք, կառավարութեան պաշտօնեաները կուզէք. դոյզն քրտինքով ամսական առնել կը բաղձաք, չը տեսնալով նոցա վիճակը, որոց կեանքն եւ սկզբունքն այդ է միայն։ Կամ գէթ զիջանելով վաճառականութեան եւ կամ գրագրութեան կը ցանկաք։ Բարի է ձեր այս ցանկութիւնը, միայն թէ դրամագլուխ կը պակսի։

Արդեօք սորա համա՞ր դուք ամուսնութիւն կը սիրէք. թերեւս այդ միջոցով կարենաք մի դրամ ագլուխ ձեռք բերել, երանի թէ կարենայիք զայն իմաստութեամբ ի գործ դնել, երանի՜ թէ բախտի այն կորստական հրապարակը մոռնայիք, ընտրէիք միայն շահ ավաճառութեան վաստակը, ինչ որ արդար եւ ապահով է։

Երիտասարդք Հայոց, դուք սովորական խօսք մի ունիք, զոր յառաջ կը բերէք իբրեւ իրաւացի փաստ, ուստի տրտունջ