իւր Ընդհանրական թղթոց մէջ, թէ հարսանեաց թմբուկն բարձրագոչելով ձայն կուտայ լսող ժողովուրդին ու կիմացնէ. որ հարսանիքը խաւարին տակ ծածկուած գաղտնի չարութիւն չէ. այլ Եկեղեցւոյն առաջ, լուսոյն առաջ, հրապարակի մէջ, անպատրուակ ճշմարտութիւն է: Ահաւասիկ եւ մենք մեր ուրախութեան թմբուկը զարնելով իբրեւ մունետիկ բարձրաձայն կը քարոզեմք. թող լսէ ու տեսնայ բոլոր ժողովուրդը։ Վասն զի ամուսնութեան զաւակներ միայն ծնողաց սեպհականութիւն չէ. այլ եւ ժողովուրդին իրաւունքն է, յիշէ ու ճանչնայ իւր նորածին անդամները. թէ արդեօք հարազատ ծնունդ են նոքա սուրբ եւ պարկեշտ ամուսնութեան: Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին զաւակները պէտք է սուրբ ամուսնութեան յայտնի դրոշմն ունենան. եւ ժողովուրդն այդ իսկական դրոշմով ճանչնայ եւ իւր զաւակները, ապա թէ ոչ, ոչինչ զանազանութիւններ չէին լինէր պոռնկորդւոյն եւ սուրբ ամուսնութեան ծնունդներու մէջ:
Կը խորհիմ թէ աշխարհիս ուրախութեան այլ եւ այլ մեծամեծ հանդէսները, կարելի՞ է համեմատել հարսանեաց ուրախութեան հետը: Ոչ թագաւորաց թագադրութեան աշխարհախումբ հանդէսը, ոչ պալատներոլ եւ իշխանաց մեծակոչ խրախճանք, եւ ոչ եւս ժողովրդոց դասին զուարճական խնճոյքները արժանի են համեմատելու: Ես այնպէս կը համարիմ թէ հարսանեաց սոսկ մի թմբուկը՝ Իտալական նուագներէն ուրախարար է. եւ շինականի փեսայն՝ բարձր է թագապսակ թագաւորէն։ Վասն զի աշխարհիս այլ ամէն ուրախութիւնք միայն զրաւական զբօսանք են մարդոյն ունայնասէր մտաց, յորում պահ մի հաճոյք, հրճուանք, փառք կր զգայ. այլ երբէք չանցնիր սրտի ցանկութեան անհուն բաղձանքը՝ դարձեալ կուգայ եւ կը տիրէ մելամաղձիկ տխրութիւնը։
Իսկ հարսանեաց ուրախութիւնը իւր սուրբ նպատակով հանդերձ՝ մարդոյն կենաց համար տիրապէս կեանք է եւ ուրախութիւն. զի միոյն մէջ կեանքը իւր անչափ ցանկասէր տենչանքներով վերջապէս կը մաշի եւ կը սպառի. բայց միւսին մէջ կեանքն անթառամ կը մնայ, եւ Եկեղեցւոյ պարտէզ իւր նորաբոյս ծաղիկներով կը ծաղկազարդի: Թէպէտ մարդոյն կենաց աշուն կը հասնի եւ կը թօթափէ զայն գերեզմանի մէջ, ինչպէս դեղնած տերեւն ի ծառէն: Սակայն առաքինի մարդ, որ հարսանեաց օրհնութեամբ իւր տոհմական ընտանիք եւ սերունդը կեն-