Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/234

Այս էջը սրբագրված է

թէ գիւղացի ընտանեաց այն մասն, որ պարտքով հարսնիքը կընեն. պարտքով այդ անպէտ ծախքերը կը հոգան. կ՛անցնի հարսանիքը, եւ ուրախութիւնը կը տեւէ մի փոքր ժամանակ. եւ ահա փեսան կը պարտաւորի թողուլ ընտանիքը եւ նորահարսին ամուսնական քաղցր սէրը՝ երթալ ի պանդխտութիւն, հոգալ իւր պարտքը եւ միանգամայն խեղճուկ ընտանեաց պարէն հայթայթել։ Երկու պսակաւորաց համար այս միջոցն քանի դառն ու գժուարին է. փեսան իւր պանդխտութեան մէջ, հարսն իւր սեւաքօղ առագաստին մէջ. սրտամաշ անձկութեամբ օրերը կանցնեն, որոց կեանքր լի է ամենայն դառնութեամբ. մանաւանդ երբ պանդուխտ ամուսին իւր պարտիքը կը մոռնայ, եւ իւր վշտացեալ կինը հացի կեանքկն եւս կը զրկէ, սիրոյ կեանքը զլանալէն յետոյ։ Ես չեմ ուզեր այս կեանքին դառնութիւնը իւր ամէն մասերով նկարագրել, այլ կը թողում այլում տեղւոջ դորա տխուր պատկերը հանել, կը թողում նաեւ որ մեր պանդուխտ եղբարք այդ կեանքին դառնութիւնը ինքնին ճաշակելով զգան, խղճան ու ճանչնան իրենց ամուսնական սուրբ պարտիքները։

Ժամանակ եւ ժողովոլրդի զարգացումն համառօտեց եօթնօրեայ հարսանիքն թէ գաւառաց եւ թէ նոյն իսկ մայրաքաղաքիս մէջ. ուտելեաց եւ ըմպելեաց ընդունայն ծախսերը գրեթէ կը վերջանան հետզհետէ։ Սակայն ժամանակն եւ անկատար ազատ քաղաքակրթութիւնն՝ զեղխութեան եւ շռայլութեան ուրիշ մասերը աւելի բազմապատկեց, հանդերձի եւ նորասիրութեան այլ եւ այլ պերճանքները. ոսկեկիտուած, ադամանդեայ եւ այլն մեծագին քարերով մատանի, պսակ, ոսկեշղթայ, մանեակ եւ այլ Եւրոպական նորանոր զարդերը մտցուց մեր ընտանեկան կեանքին մէջ. որով շատ ընտանիք այդ ճոխ հանդերձանաց պատրաստութեան համար ձեռնթափ լինելով՝ կը կառին ամուսնական կեանքէն. որպէս թէ ադամանդ եւ ոսկեզարդերը՝ ամուսնական կեանքին համար հացին չափ կարեւոր պիտոյք են։

Առաւել զարմանալին եւ ցաւալին այն է, որ հասարակ ժողովրդեան ընտանիքն եւս այդ պերճանաց բաղձանքն ունին առանց կշռելոյ իրենց չափն ու վիճակը, կը կարծեն թէ ադամանդն ու ոսկեզարդն անհրաժեշտ օժիտներ են հարսին, եւ թէ այս ինչ կամ այն ինչ հանդերձանքները պէտք են հարսանիք