Բաւ եւ շատ է նորա համար դաստիարակութիւն, ընտանեկան կրթութիւն եւ տնտեսութիւն առտնին կառավարութեան։
Այդ ճանչնալով մեր աշխարհ, մեր ժողովուրդ եւ մեր կեանքր՝ հարկ է, խոստովանիմք, որ այր մարդիկ եւս պակաս կարճամիտ չեն կնոջէն. եւ նոցա այս կարճմտութիւն պիտի տեւէ, քանի որ մայրեր կարճամիտ են եւ ո՞վ չի գիտեր, թէ կարճամիտէն՝ կարճամիտ կը ծնանի։ Լուսաւոր եւ քաղաքակիրթ աշխարհը սորա դարման միայն այս գտաւ. որ նախ մայրերու կարճմտութիւն կրթէ ու բժշկէ դաստիարակութեամբ. որպէս զի նոքա կատարեալ եւ առողջամիտ զաւակ ծնանին։
Երանի՜ թէ երկու կարճամիտ ամուսինները իրարու չպատահէին. որով ընտանեկան կեանքը կը դառնանայ իսպառ։ Եթէ միայն կին կարճամիտ լինի եւ այր մարդ բանգէտ եւ խոհեմ, իւր վերայ կը մնայ բարոյական մեծ պարտիքը, որ ամենայն խնամով ու երկայնամիտ համբերութեամբ դարման տանի իւր կենակրին կարճմտութիւնը բժշկելու համար։
Իսկ եթէ այր մարդն է կարճամիտ, որ յուով անգամ թէ կը պատահի, յայտ է յայնժամ այդ պարտքը իմաստուն եւ խոհեմ կնոջ բաժին կը մնայ. որ քաղցր հոգատարութեամբ դարմանէ իւր ամուսնոյն կարճմտութիւնը։
Բարի եւ ժրագլուխ կինը, միայն արժանաւոր ամուսնոյն համար իւր բարոյական պարտքերը չի կատարեր, այլ եւ նոյն իսկ անարժանին համար, որ չէ թէ միայն բնապէս կարճամիտ է, այլ եւ խստաբարոյ, դաժան եւ ստամբակ մարդ է. այսպիսւոյ համար եւս իւր վայելուչ պարտիքները նա չի մոռնար. այլ ի գործ կը դնէ եւ կը ջանայ միշտ իւր ընկերին խստութիւնը ողոքելու. որպէսզի չխռովի ամուսնական սէր, չի վրդովի տան խաղաղութիւն, եւ չը բամբասուի ընտանեկան պատիւն։
Հարկ չէ կրկնենք. ինքնին յայտնի է թէ սիրաշահական այս պարտիքները միայն կնոջ յատկացեալ չեն. զի մերթ եւս բարի այր մարդուն կը պատահի կին չար, կամակոր, լեզուանի ու անզգամ, յորմէ Սիրաք իմաստուն լաւ կը համարի խոյս տալ եւ անապատին մէջ անընկեր ապրիլ։ Սակայն ճշմարիտ Քրիստոնէութեան սիրոյ եւ մարդասիրական օրէնքը պարտք կը դնէ ամուսնացողին վերայ, որ իւր զընկերը ողոքելով շահի։ Մանաւանդ երբ Աստուծոյ Առաքեալը կը խրատէ. որ հաւատացեալ ամուսին՝ իւր անհաւատ ամուսին չարձակէ. թէ այր լինին նոքա