շուտ կըմբռնեն զայն, վասն զի Աստուծոյ յայտնութիւնը տղոց համար է, ինչպէս կը յայտնէ Յիսուս. «Հայր, գոհանամ զքէն, զի ծածկեցեր զայս յիմաստնոց եւ ի գիտնոց եւ յայտնեցեր տղայոց»։ Այո՜, Յիսուսի յայտնութիւն սիրող աւելի Գալիլեացի տխմար ձկնորսներ էին. եւ գեղացի բոկոտն փոշոտ մանուկներն, որ կը վազէին նորա գիրկը, որ գրագէտ դպիրները արհամարհելով կանցնէին։
Ծնողական դասերուն մէջ ճարտարախօսութիւն, փիլիսոփայութիւն բնաւ պէտք չունի, հապա զիջանելով՝ մանկական հասակին համեմատ հարկ է պարզ, ընտանի եւ սիրալիր խօսքերով աւանդել կրթութիւնը։ Գիտնալով, որ տղայոց դաստիարակութեան մեծ պայմանն՝ ծնողական գորովն եւ բնական սէրն է. միայն թէ այդ սիրոյն մէջ չը զեղծանին ծնողք, կամ չափազանցութեամբ եւ կամ խիստ եւ անհոգ սառնութեամբ։
Այս երկու կերպ վարմունքն եւս միօրինակ վնասակար են դաստիարակութեան եղանակին մէջ։ Վասն զի չափազանց սէրը՝ չափազանց ազատութիւն եւ համարձակութիւն յառաջ կը բերէ տղայոց դիւրազգաց եւ անհաստատ բնաւորութեան մէջ, այլ եւ այլ յոռի կիրքերով հանդերձ. որով կը լինին նոքա կամակոր, ինքնահաւան, զայրացկոտ, եւ սաստիկ պահանջող:
Իսկ չափազանց խստութիւնը՝ կը ճնշէ եւ կը ջլատէ տղայոց բնաւորեալ աշխոյժ եւ զուարթ ոգին, որով կը բթանայ միտքը, սիրտ կը թանձրանայ եւ որդիական գորովն թմրիլ կսկսի։ Շատ անգամ եւս կը դառնանայ, կը սրտմտի իր ծնողաց դէմ. մանաւանդ երբ ծնողք չարաչար անարգանօք ու բրածեծով՝ դաստիարկութեան հին փորձ կը փորձեն տակաւին:
Յոռի դաստիարակութեան զաւակները այս կերպով վրէժ կը լուծեն իրենց խստասիրտ ծնողքներէն, եւ իրենք եւս գիտեն թէ օրինակ առնելով խստապարանոց կը լինին. եւ կը մոռնան ծնողական մեծ երախտիք, մօրն անոյշ գրկարանին կաթն եւ հօր սեղանին հացն։
Զարմանք չէ, որ անարգ դաստիարակութիւն այս արգասիքը համէ, եւ խստութիւնը՝ ուրիշ խստութիւն ծնանի։ Վասն զի ծնողք միայն մարմնով չեն ծներ իրենց զաւակները, այլ բնաւորութեամբ եւս կը ծնին, որով ընտանեկան կեանքին մէջ զաւակները բնապէս սովորած են իրենց ծնողաց բնաւորութենէն եւ օրինակէն փոխ առնել։ Արծւոյ չափ սրատես են մանուկ-