Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/278

Այս էջը սրբագրված է

մարդասէր Նահապետ կը զայրանայ իւր օրհնութեան մէջ եւ կըսէ. «Շմաւոն եւ Ղեւի եղբարք, կատարեցին զանիրաւութիւն ի կամաց իւրեանց. ի խորհուրդս նոցա մի մտցէ անձն իմ... Անիծեալ սրտմտութիւն նոցա, զի յանդուգն էր եւ ոխութիւն նոցա, զի խիստ էր»։ Կը թողում այլեւս այս կարգին մէջ յառաջ բերել Յուդայի օրհնութիւնը, որ շատ նշանաւոր է. Կորիւն առիւծոյ կանուանէ զնա եւ ձեռքդ, կասէ, քո թշնամեաց թիկանց վերայ զօրանայ եւ այլն։

Աստի խելամտել պէտք է թէ այդ երջանիկ նահապետները որչափ որ բարի եւ արժանաւոր զաւակաց համար բարձր ու փառաւոր օրհնութիւն կուտային. նոյնպէս չար եւ ստահակ որդիքները անիծիւք յէշելով, նոյն իսկ մահուան պահուն մէջ կյանդիմանէին զիրենք որով այդ յանդիմանութիւնն եւս օրհնութիւն կը դառնար նոցա համար եւ թափանցելով որդւոց սրտին մէջ կուղղէր, եւ ի զգաստութիւն կը տանէր նահապետին մահուանէն յետոյ։ Վասն զի բարի եւ առաքինի հօր գերեզմանը եւ յիշատակը ի հողէն եւս կը խօսի եւ կը դաստիարակէ կենդանի զաւակները։ Օրհնութեան շնորհը՝ ոչ միայն մնացորդ զաւակները կը խրատէ ու կը պահէ, այլեւ դարէ ի դար, տոհմէ ի տոհմ հաստատ կը պահէ հայրենի տուն եւ գերդաստանը։ Եւ առ այս կը վկայէ առակախօս իմաստունն թէ «Օրհնութիւն հօր հաստատէ զտուն որդւոյ. եւ անէծք մօր խախտեն ի հիմանէ»։ Սողոմոնին այս վճռական խօսքը կակնարկէ. թէ մօր անէծքն եւս նոյն համազօրութիւն ունի՝ ինչպէս հօր։ Բարի է, թէ որ զաւակները իրենց ծնողաց օրհնութիւնը միապէս ժառանգեն։ Օրինակ մի յառաջ բերենք. եթէ մի հայր իւր մահուան օր բարի տեսնայ իւր զաւակները ու արժանի համարի իւր օրհնութեան, իսկ մահուանէն յետոյ չարանան որդիքները, և մայր, որ տակաւին կենդանի մնացած է՝ անիծէ զիրենք, անշուշտ այս պարագային մէջ վերջին անէծքը՝ առաջին օրհնութիւնը կեղծանէ իրաւամբ, վասն զի անէծք եւ օրհնութիւն Աստուծոյ արդարութեան ձեռքն է, որ առաքինի որդւոց գլուխը երկնից ցօղ կը թափէ. իսկ անքարի շարժառանգ զաւակաց՝ կարկուտ եւ հարուած։ Նկատել արժան է այս. եթէ ծնողք ի բնական գթոյն եւ սիրոյն վարեալ օրհնութիւն կարդան ապիրատ զաւակաց. ես չեմ հաւատար որ այդպիսի օրհնութիւնը հաճոյական թուխ երկնից հօր առաջ. որ թէպէտ չարաց ու բարեաց վերայ իւր մար—