դասիրութեան անձրեւ հաւասար կածի, այլ մերթ եւս կը տեսնամք, որ իւր արդար ցասումն ի գործ դնելով ամբարիշտ մարդոց տունը կը քանդի։ Ինչպիս քանդեր եւ արիւնով լուաց Աքայաբին եւ Եզարելին տունը, թագաւոր եւ թագուհին՝ աւերակաց մոխրով ծածկեց։ Աստուած արդարութեան դատաւոր միշտ այնպէս կը դատի. Սողոմոնին վճռագրով, թի «Անիծք Տեառն ի տունս ամբարշտաց, յարկք արդարոց օրհնին»։
Ուրեմն, ով դուք ծնողք, որ հայր եւ մայր վեհ անուան արժանացած էք, եւ որ աշխարհիս վերայ տուն եւ ընտանիք կազմէք. եթէ կը ցանկայք, որ ձեր վախճանէն յետոյ ձեր տուն, ձեր գերդաստան, ձեր ամէն ժառանգութիւն եւ ձեր գործը մշնջենաւոր մնայ, ձեր անունը եւ յիշատակ աշխարհիս վերայ օրհնութեամբ յիշուի, ստոյգ եւ ճշմարիտ օրհնութեան պատրաստեցէք ձեր զաւակները։ Մի՛ անհոգ զանցառութեամբ սպասէք. ձեր այս նուիրական պարտիքը՝ ձեր մահուան տագնապի օր կատարելու. երբ անբարբառ կը լինին մարդոյն շրթունքները ու բերանը. այլ անդստին խանձարուրին եւ օրօրանէն սկսեցէք ձեր օրհնութեան դասերը. այսինքն ծնողական դաստիարակութիւն եւ խրատ, որ լի եւ զեղուն օրհնութիւն կը բերի ամբողջ տան եւ ընտանեաց վերայ:
Ուստի այս անանց օրհնութեան կտակը աւանդեմ ձեզ։ Դուք այնպէս օրհնեցիք, որ նոքա երկնից իմաստութիւնը ճանչնան ու բարձր համարին, աշխարհիս, շնչաւոր իմաստութեան վերայ չի պարծենան։ Օրհնեցիք, որ նոքա հայրենատուր սուրբ կրօն, հաւատք սուրբ հարց աւանդութիւնն անարատ ու անեղծ պահեն, Հայաստանեայց Եկեղեցին սիրեն. Թադէոսի եւ Լուսաւորիչ Հօր հօտին ու փարախին չի բաժնուին։ Օրհնեցիք, որ նոքա Աւետարանը ղրկեն եւ սորվին նորա սիրոյ դասերը. եղբայր սիրեն, ընկեր սիրեն, մարդասիր լինին։ Օրհնեցիք, որ ազգ սիրեն, հայրենիք սիրեն եւ նորա հին անշքացեալ փառք ու յիշատակը չի մոռնան։ Նորա կիսակործան տաճարները յիշեն, օրհնեցիք, դաստիարակեցէք, որ նոքա ուսումն սիրեն. գիտութիւն սիրեն, դպրոց սիրեն, գիրք սիրեն, յառաջդիմութիւն պատուեն։ Օրհնեցիք եւ ուսուցիք. եթէ քաղաքացի են՝ նոր աշխարհի այլ եւ այլ արհեստները սորվին. անխարդախ լինին վաճառելոյ եւ գնելոյ մէջ։ Իսկ եթէ շինական են, հող սիրեն, մաճ սիրեն, եւ աշխատութիւն սիրեն. ափ մը հայրենի նուիրական ու սեպհական հողերին