Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/280

Այս էջը սրբագրված է

ձեռքէ չի հանեն։ Ի վերջոյ օրհնեցէք, որ նոքա ամուսնասէր լինին, տնաշէն եւ տնտես լինին, բարի եւ ազնուական ընտանիք կազմեն, որով միայն հնար է որ ազգային կեանքը բարւոքի, բարձրանայ իւր համբաւ եւ փառք։

Արդ կը մնայ մեզ, որ աշխարհիկ ընտանեկան կեանքէն դուրս ելնելով՝ խիստ արժան է նահապետական օրհնութեանց հետ շիջել նաեւ այն սուրբ հարք, որ իբրեւ հոգեւոր ծնող կը համարուին եկեղեցւոյ որդւոց. որոց օրհնութիւն առաւել բարձը ու համատարած է ընդհանուր Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակաց վերայ։

Չգիտեմ, մեր Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ որդիքները մեր սուրբ Հարց օրհնութիւն ժառանգեցին առ հասարակ, եւ կամ նոյն երանելի հարք թէ բնական մահուամբ եւ թէ նահատակութեամբ երբ գնացին աշխարհէս, արդեօք օրհնեցի՞ն զհայրենի աշխարհ եւ այնպէ՞ս հրաժարեցան։ Ո՜չ, Պատմութիւն յանդիման կը հանէ մեզ, թէ ոմանք այդ չնաշխարհիկ հայրերէն, որ Քրիստոսի հօտին անձնագիր հովիւներէն էին, նոքա խռովեցան յոյժ, դարձուցին իրենց դէմքը ապաշնորհ որդւոց երեսէն ու սրտամնաց վշտակբութեամբ մտան ի գերեզման. Սուրբն Գրիգոր Սեպուհ լեռան գլուխը անշուշտ կաղօթէր եւ կօրհնէը զհայս, բայց միանգամայն կուլար այն ապիրատ որդւոց վերայ, որ դաւաճանեցին սուրբն Տրդատը. Արիստակէս Ծոփաց աշխարհին մէջ հայրադրուժ իշխանի մի ձեռքով խողխօղեցաւ. նոյնպէս Յուսիկ եւ Դանիէլ հաւատամերժ Տիրան թագաւորին ձեռքով։ Հապա մոռնա՞նք մեծն Ներսէս եւ Սահակ Պարթեւ, յորոց մին թունալի բաժակը ինքնակամ խմեց, խմեց եւ դառնութեամբ անիծեց այն ապերախտ գլուխը, որոյ համար Յունաց կայսրութենէն թագ բերէր էր, իսկ միւս սուրբն Սահակ անխորհուրդ նախարարաց կամակորութեան եւ մատնութեան համար միթէ չողբա՞ց ու չը հառաչե՞ք մինչեւ գերեզմանին դուռը:

Այսպէս ահա մեր պատուական սուրբ հարք գնացին աշխարհէն, եթէ նոքա Յիսուսի հեզութեան նմանելով իրենց հալածչաց եւ սպանողաց դէմ նոյն ձայնով աղօթեցին. «Հայր, թող սոցա...»։ Սակայն առանց օրհնութեան հեռացան, վասն զի անխրատ եւ ապառում որդիքները չը կամեցան նոցա օրհնութիւնը ժառանգել։ Որով, մեր տուն ու տեղը քանդուեցաւ։

Եթէ կը հաւատայք, Հայոց որդիքները, թէ Աստուած դատաստանը այսպէս տեսաւ որ դատեց, ուրեմն անցելոյն մեղքը