Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/285

Այս էջը սրբագրված է

բոլոր հարստութեան գանձը, որով ճոխ մեծատան ընտանիքը կարօտ մուրացիկ կը լինին, որոց բազմաթիւ օրինակներն անցելոյն մէջ պատմութիւն կաւանդէ եւ ներկային մէջ մեք մեր աչքով կը տեսնամք։

Կտակարարութեան պարտիր միայն մեծատան ընտանեաց համար չէ, այլ ազգին իւրարանչիւր անհատ անձինքը առանձին իրենց կտակն ունին։ Արծաթով եւ անարծաթ կղերները թող մէկը իւր արծաթը կտակէ, միւսն իւր գիրք եւ խրատ։ Թող կտակեն նորա Եկեղեցւոյ որդիրներուն, հայրենատուր հաւատր եւ հարց աւանդութիւնը պինդ պահել։ Թող կտակեն նորա Հայոց գաղթական զաւակներուն ուր որ կը լինին. Արարատ եւ էջմիածնի Կաթուղիկէն չի մոռնան։ Թող կտակեն նորա սուրբ Ղեւոնդեանց ու Վարդանանց խաչ եւ անձնանուիրութիւնը։ Թող կտակէ քաղաքացին իւր ընտանեաց՝ արհեստ, աշխատութիւն, վաճառաշահութիւն, տնտեսութիւն, խնայութիւն եւ բարոյական կեանք։

Իսկ շինական աշխատամաշ ծերունիքը թող այս կտակն աւանդեն ընտանեաց, որ սիրեն հին նահապետական պարզ կեանք, սիրեն մշակութիւն, հողն ու մաճը. երբէք չի վաճառեն իրենց կեանքն ու հարստութեան մշտաբուխ աղբիւրը, այսինքն հայրենի երկիրն ու գետին։

Եւ դուր ի՞նչ պիտի կտակէր, հայրենեաց կարօտ խեղճ պանդուխտ Հայեր. դուր կտակեցէր ձեր զաւակաց ու եղբարց, երբ օտարութեան մէջ կը հասնի ձեր վերայ, ո՜հ, մահ ու գերեզման։ Այո՛, նզովիւր կտակեցէր, որ նորա հայրենի հողին ու երկրին մէջ տքնին ու աշխատին, թող մեռնինք թող իրենց գերեզման իրենց արտիկ լինի, թող չիգան այս տեղը, ուր ձեր ազատ եզն ու մաճ թողլով՝ բեռնակիր կը լինիր. եւ շատ անգամ բեռանց ծանրութենէն ձեր ոսկորները կը ճարճատին եւ ձեր հուժկու բազուկները կը թուլնան. երես ընդ դետին կը թաւալիր փողոցի սալայատակաց վերայ. կը բառնան ու կը թաղեն զձեզ անյիշատակ շիրիմներու մէջ, ուր չեն ու չկան ընտանեկան գերեզման, ձեր պապերուն ու մամերուն խաչաքարեր եւ ոսկորները։

Իսկ դու, հէք Արծուիդ Վասպուրական. քո կտակն ի՞նչ է. թէ որ մահն զքեզ պանդխտութեան մէջ նետահարէ. «Կամք Տեառն օրհնեալ եղիցի» կդասեմ եւ կաւանդեմ իմ կտակը իմ