Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/286

Այս էջը սրբագրված է

սիրելի, հաւատարիմ եւ մտերիմ Ազգին՝ որ զիս բառնան տանին այն հողին աւանդեն. եւ դնեն զիս ի դիր հանգստեան Վարագայ խաչաքարերու տակը, ուր թերեւս շիրիմս ու ոսկորներս խառնուի. Եղիսէի նման սուրբ հարց շիրիմներուն հետը. ես մեզապարտ մեռեալս, արժանի լինիմ նորոգ յարութեան ննջելով ի քրիստոս հաւատով եւ յուսով։


ԺԶ

ՏԱՆ ԵՐԷՑ

ԵՒ

ԻՒՐ ՊԱՐՏԻՔ

Ինչպէս ընդհանուր Հայրապետ Հայոց իբրեւ ծայրագոյն հովիւ, եւ տնտես է բոլոր Հայոց գերդաստանաք իւրաքանչիւր իրենց վիճակին վերայ նոյն հոգեւոր տնտեսութեան պաշտոնն ունին, այսպէս եւս ընտանեկան եւ առտնին Եկեզեցւոյ փոքրիկ հօտին՝ փոքրիկ հովիւներն են Տաներէց քահանայք՝ որոց միայն յանձնուած է ընտանեկան հոգեւոր պէտքերը հոգալ ու մատակարարել: Տաներէց, որ թէպէտ իւր վիճակաւոր Եպիսկոպոսին իշխանութեան տակ ստրուկ համարուած է, եւ նոյն իսկ ժողովուրդին առաջ այնչափ ըստ արժանւոյն պատուասիրեալ չէ. մանաւանդ մեր բարեկարգ ժամանակի մէջ, յորում Եկեզեցւոյ տնտեսութեան վաղեմի օրէնք եւ կանոնական վճիռներ այլափոխուած են։ Բայց տաներէց քահանային հովուական պարտիքն ու կոչումն՝ շատ մեծ, շատ նաիրական եւ շատ արդիւնաւոր հոգեւոր աշխատութեան մշակութիւնն է։ Վասն զի նորա սեպհական պարտիքն է, ընտանեաց նորածին երախայք սուրբ Եկեղեցւոյն մկրտարանին ջրով մաքրել ու որդեգրել Աստուծոյ։ Նորա պարտիքն է ամուսնութեան սուրբ պսակ դնել. նորա պարտիքն է խոստովանութեամբ ընտանեկան գաղտնի ու յայտնի վէրքերը դարմանելով բժշկել: Նորա պարտիքն է մահուան