Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/288

Այս էջը սրբագրված է

Շարական եւ Մաշտոց, որ միայն Եկեղեցւոյ խորհուրդներ եւ ծխական կարգերը կատարելով՝ քահանայութեան բարձր պաշտօնի միւս պարտիքները անկարեւոր կը դատի։ Տաներէց Քահանային տգիտութիւնը շատ մեղադրելի է. թերեւս փոքր ինչ այդ մեղադրանք թեթեւնար, եթէ բարի ու անբասիր վարքով եւ գործնական ընտիր օրինակով տգէտ Քահանայն քօղաւորելով ծածկէր իւր տգիտութիւնը, ու տգիտութեամբ այնչափ վնասակար չէր լիներ ընտանեկան կենաց, խօսքին տեղը՝ միայն օրինակը քարոզելով։ Քայց եթէ գիտուն եւ թէ տգէտ Տաներէց երթ իր վարուց ու պաշտօննին մէջ կը զեղծանի. երբ բարի օրինակին տեղը՝ գայթակղութեան չարօրինակ կուտայ, այնուհետեւ բարի եւ երկիւղած ընտանեաց համար՝ հոգեպէս մեծ վտանգ է. որ թէ չգիտեն ուրիշ արժանաւոր հովիւ մի՝ կը պարտաւորին առանց քահանայի մնալ, Աստուծոյ հովուութիւնը խնդրել։

Սակայն արժանաւոր եւ անարժան պաշտօնէից մէջ ընտրութիւն առնել պէտք է. երբ ընտանեաց ձեռքն է այդ իրաւունքը եւ ազատութիւնը, թող խորհին եւ այնպէս ընտրեն Տաներէց Քահանայն։ Եւ եթէ գտնեն այդ արժանաւոր ու պատուական պաշտօնեայն, պէտք է կրկին պատուոյ արժանի համարին զինքն, որոյ համար իսկ յատկապէս կը պատուիրէ Առաքեալը։ Եթէ ընտանեաց իրաւունքն է Տաներէց Քահանայէն պահանջել, ինչ որ քահանայութեան պաշտօնին եւ կարգին վայելուչ պարտիքն է, նոյն Տաներէց Քահանային իրաւունքն է՝ պահանջէլ իր պաշտաման ու հոգեւոր աշխատութեան վարձքը։ Մշակը՝ իւր վարձուց արժանի է, կը խօսի Տէր ով կարող է ժխտել թէ իրաւունք չէ այս եւ Առաքեալը կը հաստատէ սոյն իրաւունքը, թէ «Զինուորը իւր թոշակով զինուորիր». եւ ուրիշ խոսքով դարձեալ նոյն բանը կը կրկնէ. թէ «Սեղանոյ պաշտօնեայն, արժան է որ նոյն սեղանէն կերակրուի»։

Արդ, ընտանեկան սեղանոյն պաշտօնեայն Տաներէցն է. պէտք է որ սեղանին հացէն լիապէս կերակրուի, ապա եթէ գրկի, անհատուցումն, անվարձ մնայ իւր հոգեւոր մշակութիւնը, նա հոգւոց հանելով կը կատարէ իւր պաշտօնը. որով ընտանեկան փարախին փոքրիկ հօտը պարտաւոր կը մնայ իւր հովուին առաջ. ոչ կաթէն՝ կաթ, եւ ոչ բուրդէն բուրդը՝ պարտեաց փոխարէն վճարելով։ Եւ միթէ իրաւունք ունի՞ն յայնժամ՝ Տաներէց մշակին վարձք հատանող ընտանիքը տրտունջ բառնալ ու միշտ