Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/290

Այս էջը սրբագրված է

եւ Եկեղեցւոյն առաջ, եթէ ճշդիւ հարցաքննութիւն լինի, Ժողով եւ Եպիսկոպոսը արժանի չհամարին ձեռնադրութեան, ես գիտեմ ու տեսայ թէ որքան կը խստանաք եւ կամակոր յամառութեամբ ստահակ միջոցները ի գործ դնելով վերջապէս անարժան անձն ի պատիւ Քահանայութեան կը հանէք։ Եւ այնուհետեւ երբ մտաբերելով կզգաք թէ սխալած էք, կը ստրջանաք, կը տրտնջաք ու կսկսիք չարաչար ձեր ընտրած ու հաւնած կղերը դատել ու բամբասել։ Եւ շատ անգամ եւս ոմանց անարժանութիւնը առիթ բռնելով ամբողջ Եկեղեցական դասն անարգելով, ոտնահարելով վատաբանելով նշաւակ կը կացուցանէք զիրենք աշխարհին առաջ։ Չգիտեմ կը կարծէք ու կը հաւատա՞ք թէ այդպիսով կուղղէք զիրենք, որոց անուղղութիւնը Քահանայութենէն յառաջ բնաւորեալ է եւ դուք յաճախ կը տեսնայիք զիրենք. փորձը ձեր աչքին առաջն էր. դուք քաջ գիտէիք ու կը ճանաչէիք։

Բայց թոյլ տուէք որ անաչառ խօսիմ, միթէ դուք իբր եւ թէ կարեկից լինելով մարդասիրութեան պատրուակաւ ձեր բարեկամաց հաց ու գործ ճարելու համար չաշխատեցա՞ք զիրենք Քահանայ ձեռնադրել տալու, եւ յետոյ իբրեւ մեծ վարձք եւ առաքինութիւն համարելով, կը խօսիք եւս պարծանօք. թէ «Խեղճին ընտանիք թշիխառութենէ ազատեցիք» եւ այլն։ Այդպէ՜ս է, մի ընտանիք իւր թշուառ վիճակ էն ազատելու համար՝ ուրիշ ծխական ընտանիքները հոգեպէս թշուառացուցիք։ Չգիտեմ. Եկեղեցւոյ գերագոյն դատաւորին առաջ ո՞րն առաւել դատապարտութեան արժանի է, Եպիսկոպո՞սը, որ աչառեց ու ձեռնադրեց, թէ ժողովուրդը, որ զայն ընտրեց ու ընծայեց։

Այլ կը թողում այս մասն այժմ, մտադիր լինելով յայլում տեղւոջ ընդարձակապէս խօսիլ, եւ ժամանակն իսկ կը պահանջէ զայդ. վասն զի շատ տարապարտ տրտունջները կը բարձրանան երկու կողմէն կղերին ու ժողովուրդին, որք ընդ աչս դատելով զիրար կը բամբասեն չարաչար առանց դատաստանի ու քննութեան։

Իսկ մեք, որ նոյն կղերաց դասուն տրուպն ու յետինն եմք, յորդոր կը կարդամք նախ բոլոր Տաներէց քահանայից, որ ճանչնան իրենց սուրբ պարտիքը. Հիշեն որ պատասխանատու են նորա առաջ, որ կսպառնայ ու համար կը պահանջէ ամէն