Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/291

Այս էջը սրբագրված է

հովիւներէն թէ մեծ եւ թէ փոքր. Տաներէցն եւս իւր տան հաշիւը պիտի տայ։

Նաեւ յորդոր կը կարդամ այն բոլոր Հայ ընտանեաց, որը եթէ գիտեն խղճիւ թէ հոգեւոր եւ արժանաւոր պաշտօնէին պէտքն անհրաժեշտ է. ուրեմն թող աչառելով անընտրող չը լինին, թող խոտանն ու անպիտանը ի բաց թողուն. ընտրեն եւ իրենց բարի որդիքներէն ընծայեն Աստուծոյ Եկեղեցւոյն. արդար Աբելին պէս արդարապէս որոշելով Աստուծոյ բաժին եւ ոչ թէ ժլատ ու խնայող Կայէնին պէս անարգն ու անպէտը հանել Աստուծոյ մասն։

Արդ, դուք, ո՛վ ընտանիք Հայոց, ճառիս բանը՝ այս մի բանով աւարտեմ. եթէ Տաներէց քահանայն ձերն է, ձեզ համար է, եւ ձեր հոգեւոր մշակն է, ձեր բարին դուք ինքնին ճանչըցէք, ձեր մշակն ընտրեցէք, արժանաւորն ընտրեցէք, ուսեալն ընտրեցէք, հաւատարիմն ընտրեցէք. եւ եթէ կայ տակաւին ձեր մէջը հրեշտակակրօն ընտրեցէք. եւ քանի որ ընտրութեան այս իրաւունքը ձեր ձեռքն է, դուք այսօր եւ յաւիտեան իրաւունք չունիք գանգատիլ։


ժէ.

ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՊԱՏԿԱՌԱՆՔ

ԵԻ

ԱԶԱՏՈԻԹԻՒՆ

Ընդհանուր տեսութեամբ խօսելով՝ ընտանեկան պատկառանք եւ ազատութիւն, երկուքն եւս մարդոյն համար ի բնութենէ տրուած ազատ կամաց եւ բնական զգացման օժիտներն են։ Միայն թէ մարդ պարտաւոր է զայն օրինօք վարել եւ ոչ թէ ծայրայեղ ազատավար մոլութեամբ կամ նախապաշարեալ հնութեամբ։