Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/30

Այս էջը սրբագրված է

ներուն, որ պիտի սորվիս թէ ի՞նչ է երկիր եւ իւր բնակիչներ, քաղաքացին ու գիւղացին. քաղաքացին իւր արուեստն ունի, գիւղացին իւր հողագործութիւն։ Թէ ի՞նչպէս այս երկու դաս ժողովուրդն իրենց աշխատութեան արդիւնքն իրարու հետ կը փոխանակեն։ Ի՞նչ է մեր արդի հողագործութեան վիճակ, որ դեռ հնութեան մէջ մնացած է։ Ի՞նչպէս կարելի է հետզհետէ հնութեան կերպեր փոխել եւ նորագոյն կերպերով մշակել երկիր, որով մեր աշխատութիւն կը դիւրանայ, երկիր ալելի կարդիւնաւորէ՝ մեր շահն ու վաստակ կրկնապատիկ կը լինի։ Երկրին արդիւնաբերութեան շահ ո՛չ միայն մեզ օգուտ է, այլ եւ տէրութեան եւ բոլոր ժողովուրդին. վասն զի աշխարհիս վերայ հացի խնդիր մեծ է, զի մարդիկ հացով կապրին։