Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/302

Այս էջը սրբագրված է

ծայրայեղ անբարեխառնութիւնն էր։ Նոցա սեղան որկրամոլութիւնն էր եւ իրենց որովայն Աստուած զոր կը պաշտէին, նոցա գինին խելաթափ արբեցութիւնն էր։ Նոքա կուտէին կը խմէին եւ անմիջապէս կը վայելէին Աստուծոյ պարգեւներր առանց պարգեւատուն օրհնելու, նոյն ամբարիշտ գարուն մէջ՝ կնոջ եւ սուրբ ամուսնութեան պատիւ ոտնհար եղած էր, անասնաբար խառնագնաց լինելով՝ սուրբ պսակին դաշնագրութիւն եղծուած էր, այլ եւս ընտանեկան կեանքին պահապան պարիսպ չի կար, ամօթ երկիւղածութիւն վերջացած էր, առ հասարակ երկիր եւ մարդկութեան սեռ ապականուած էր Աստուծոյ առաջ, միայն մի բարի արդար Նահապետ մնացեր էր անարատ երկնից առաջ, զոր Նախախնամութիւն պահեց տապանով ու ջրհեղեղով երկրիս երեսէն ջնջեց ապականեալ մարդոց սերունդը։

Սուրբ Գրոց պատմութեանց՝ այս պատուհասի դասէն պէտք է ուսանիմք, թէ ընտանիք եւ մարդկութիւն ջնջող մեծ պատուհասը՝ անառակ եւ զեղխ կեանքն է. թէ հայրենի ժառանգական հարստութիւնը վատնող այն է, թէ ի վերջոյ հացի կարօտ եւ սովամահ լինելոյն պատճառն՝ այն է, թէ անխզելի ամուսնութեան կապ հատանող յանդուգն ձեռք՝ այն է, թէ ազգին թէ այլ ազգին դատարանաց մէջ քրիստոնէական պարկեշտութիւն քամահրող անպատկառ երեսն՝ այն է. թէ յայտնի գինետանը մէջ, հրապարակի մէջ եւ այլ խաւարաշրջիկ տեղերը. Քրիստոնեայ անուն կրելով՝ հեթանոսի կեանք վարելով, եւ հեթանոսին գայթակղութիւն տուողն՝ այն է. խաղաղ ընտանիք խռովող, ընտանեկան միութիւն քակող, հայրենական տան հաստատ հիմունք հիմն ի վեր շրջող՝ այն է։

Ո՜վ, որչա՜փ երանի կը լինէր, եթէ արդի աշխարհի սրամիտ ու վարժ անառակներն՝ Աւետարանի պատմած հին անասակին օրինակն մտաբերելով՝ միանգամայն յիշէին իրենց նախնի կեանքն ու վիճակը. յիշէին թէ անարգ կրից ծառայութեան մէջ խոզարած եղած են եւ փափագէին ի ձեռս բերել նախնի կորուսած ազատ կեանք ու հացալից սեղան։

Դարձէ՛ք ուրեմն, ով դուք, անառակութեան մէջ մաշուած ու սողած թշուառ զաւակներ, դարձէք, զգաստացէք ու դարձեալ շինեցէք ձեր ընտանեկան աւերակները, զոր ձեր ձեռքով, ձեր գործով եւ ձեր հեստութեամբ քակեցիք։

Ձեր խեղճ ծնողք վշտացուցիք, ձեր քոյրեր, ձեր եղբայր-