Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/309

Այս էջը սրբագրված է

վըրդոց եւ ազնուական դասերուն. ցոյց սալով թէ ժողովուրդն է բուն աշխատութեան եւ երկրին կեանք տուող ոգին: Սորա հետ կը յարէ թէ ճշմարիտ ազնուականութիւն՝ հոգւոյ մեծութիւնն է, եւ թէ նոցա պարտիքն է Աշխարհիս վերայ մեծագործել եւ ժոդովրդասէր լինել:

Վեցերորդ դասով՝ մարդոյն աշխատութեան եւ աշխատութեամբ հայթայթուած հացին վերայ կը խօսի Սիրաք. յայտելով թէ նացին ու հարստութեան աղբիւրը երկիրն է, հողն է, եւ զայն բեղմնաւորող մարդուն աշխատութեան ձեռքն է. մարդ կը չքաւորի, մուրացիկ կը լինի երբ անաշխատ ձեռքով հաց կը խնդրէ, եւ առանց վարուցանի հնձել կուզէ:

Եօթներորդ դասն աւանդելով Սիրաք, կենաց ուղիդ տնտեսութիւնը կուսուցանէ. յառաջ բերելով թէ անօգուտ է գանձ եւ հարստութիւն երբ գանձատեր հարուստն տնտեսել չգիտէ. եւ խիստ շուտով կսպառի գանձն գանձատուն էն, եւ ցորեանը շտեմարանէն: Կը յաւելու նաեւ թէ ուղիղ տնտեսութիւնը գիտէ արդարաթեամբ հատուցանել իւր պարտիքը. Կայսերին՝ կայսեր տալ եւ Աստուծոյն՝ Աստուծոյ, եւ ապա իւր բաժին վայելել:

Ութներորդ դասով ցոյց կուտայ Սիրաք, թէ առանձին մարդոյն եւ թէ աշխարհիս ժողովրդոց մեծաքայլ յառաջդիմութիւն՝ ինքնաշխատութեան զօրաւոր ջանքն է. եթէ կայ բախտ աշխարհիս վերայ, այդ միայն ինքնաշխատութեան ձեռքն է. ով որ հեղգութեան մէջ փակէ իւր ձեռքը, բախտն իրմէն կը խուսափի: Անարժան է այն ձեռք, որ առանց աշխատութեան հացը յիւր բերան կը տանի, «ձեռք որ ոչ աշխատիցեն, կերիցեն մի՛», սուրբն Պօղոս կը պատուիրէ:

Իններորդ դասով կը ճառէ Սիրաք թէ ինչպէս ինքնաշխատութիւն, հանճար եւ ընկերական զօրութիւն, այս երեք հզօր դաշնակիցներ միանալով քաղաքակրթեցին զաշխարհ. ինքնաշխատ հանճար ծնաւ գիւտեր, արուեստներ, այլ ընկերական զօրութիւն զարգացաց. եւ այսպէս այս երեք անզէն դաշնակիցներ աշխարհիս տիրեցին:

Տասներորդ դասով կիմաստասիրէ Սիրաք աշխարհիս երջանկութեան եւ ապերշանկութեան վերայ. ցոյց կուտայ բնական փաստերով թէ այդ երկու հակառակ տարերք մարդոյն կենաց հետ միշտ համընթաց կը լինին, եւ թէ կարելի չէ, որ մարդ աշխարհիս վերայ միայն երջանկութեան ծաղիկները քաղէ առանց փուշերէն խոցոտուելու:

Մետասաներորդ դասին մէջ քննաբար ցոյց կուտայ Սիրաք, թէ ի՛նչ են այն զօրսոոր ներքին եւ արտաքին պատճառներ, որով աշխարհիս ազգեր կը բարձրանան եւ կը խոնարհին, կը բարգաւաճին եւ կը նուազին: Այս պատճառները Ս. Գրքէն առնելով Սիրաք կը հաստատէ թէ՝ մեղք եւ արդարաթիւնն է:

Երկուտասներորդ դասին կարգը կը խօսի Սիրաք ժամանակի եւ աշխարհիս այլ եւ այլ պատահարներու վերայ: Կը խոստովանի թէ այո՛, կան աշխարհիս վերայ բնական տարերաց այնպիսի պատահարներ, որոց վերահաս զօրութեհէն մարդ կարող չէ խուսափիլ: Բայց աշխարհի դէպքերով կը հաստատէ Սիրաք, թէ մարդ մարդոյն՝ առաւել չար եւ մեծագոյն պատահարն է, որոց առաջ շատ նուազ են եւ առ ոչինչ կը համարուին բնական պատահարներ: