Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/318

Այս էջը սրբագրված է

Ռամիկն բնագէտ չէ որ տեսնայ, այլ միայն զարմանալով փառք կուտայ Աստուծոյ. նա չը գիտէ թէ ի՞նչպէս յամարան անձրեւ կուգայ եւ ձմերան ձիւն. մեր մամիկներ մեզ կը պատմէին թէ հրեշտակներ ալիւրի նման ձիւն կը մաղեն երկրիս վերայ, մերթ մանրիկ մանրիկ, եւ մերթ խոշոր խոշոր։

Բայց դու գիտես, որ ծովէն ու ցամաքէն արեւուն զօրութեամբ գոլորշիներ ի վեր կը բարձրանան եւ խտանալով ամպ կը լինին. ամպերէն անձրեւ եւ ձիւն կը տեղան երկրիս վրայ, աղբիւրներ ու վտակներ յորդելով կը առատանան, գետերու մէջ կը վազեն, գետերն եւս կերթան ի ծով կը թափին. եւ այսպէս ծովու ջրեր շրջան կառնուն, ոչ կը նուազին եւ ոչ կառաւելուն, ինչպէս կր գիտէ մեծն Սողոմոն թէ «Ամենայն ուղխք ի ծով գնան, եւ ծով ոչ լնու. ի տեղի յոր ուղխք գնան, անդ նոքին դառնան ի գնալ»: Ահաւասիկ զարմանալի այս անդրադարձութիւնն եւս բնական օրէնքով է, որ ծովեր ու ջրեր նոյն քանակութեան մէջ կը պահէ. որչափ եւ որքան են ի սկզբանէ անտի՝ նոյն պիտի մնան մինչեւ ցյաւիտեան, զի Տէր Աստուած ամէն բան չափով եւ կշռով ստեղծեր է։

Ով, քանի՞ զարմանալի է Արարչին կարգադրութիւն, զմեզ շրջապատող տարերք բոլորն եւս բնական օրինաց տակ հնազանդելով՝ նորա հրամանը կը կատարեն։ Դու կը տեսնա՞ս երբ գարուն կուգայ, գիտես թէ մեռած ցուրտ հողագնդիս նոր յարութիւն կուտայ, բոլոր բուսական տարերք մայրենի հողին ծոցէն ի վեր կը զարթնուն, կը ծլին կը բողբոջին, նախ տերեւներ կը բանան եւ ապա կը ծաղկին, յամարան կը պտղաբերեն, յաշնան տերեւաթափ կը լինին եւ ի ձմերան կը դադարին գործելէ. եւ երբ ցուրտ կը ցամքեցնէ բուսականներու վերի մասն՝ ի ներքուստ ջերմիկ հողին տակ կը սնանին արմատներ եւ կը յղանան սերմեր, այդ եւս յաւիտենական ու բնական օրէնքով է։ Հուժկու հովերն եւս բնական օրինաց զօրութեան տակ կը հպատակին, մերթ հիւսիս կը շնչէ, մերթ հարաւ, մերթ արեւելք, մերթ արեւմուտք։ Երկնից եւ երկրի դատարկութեան մէջ գիտես թէ պատերազմ բանալով կը մրցին իրարու դէմ եւ կը յաղթահարեն զիրար։

Դաւիթ կը դիտէր այս եւ կը հրաւիրէր տարերք, որ օրհնեն զՏէր Աստուած. «Օրհնեցէք զՏէր, հուր եւ կարկուտ, ձիւն եւ սայլըն, հողմ եւ մրրիկ, որք առնէք զբան նորա»: