Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/338

Այս էջը սրբագրված է

է, եւ որ ենն՝ յԱստուծոյ կարգեալ են։ Թողունք այս, մեծ քան զՊօղոսն՝ Յիսուս վարդապետ Պոնտացի դատաւորին առաջ վկայեց, երբ Պիղատոս կասէր. Եթէ ես իշխանութիւն ունիմ զքեզ խաչհանել կամ արձակել, Յիսուս պատասխան տուաւ «Ոչ ունէիր դու իշխանութիւն ի վերայ իմ եւ ոչ մի, եթէ ոչ էր տուեալ քեզ ի վերուստ»։ Քրիստոս եւ քրիստոնէական կրօնի ուսուցիչներ առ հասարակ կը պատուիրեն ճանչնալ իշխանութիւնը, պատուել, հնազանդիլ, երկնչել, եւ տալ կայսերին՝ կայսեր, եւ այլն։

Ժողովուրդին պարտիքն է իշխանութեան հետ ճանչնալ նաեւ երկրին ընդհանուր օրէնքները, քաղաքային օրէնքներ, դատաստանի օրէնքներ, տրոց եւ հարկի օրէնքներ, կալուածական օրէնքներ, եւ այլն։ Վասն զի իւր պարտիք եւ իրաւունք այս օրէնքներէն կորոշին, եւ օրէնքն է որ կը չափէ եւ կը կշռէ ժողովուրդին եւ իշխանութեան իրաւունք եւ պարտիք։ Ուստի ժողովուրդն ամենայն խնամով պէտք է սորվի երկրին օրէնքներ. որպէս զի օրինավորներ ժողովուրդի անգիտութեան եւ ապշութեան համար չը համարձակին նոյն իսկ օրէնքով հարստահարել, որոց օրինակ բազում անգամ եւ բազում տեղ կը տեսնամք աշխարհին մէջ:

Ժողովուրդ երբ իւր հպատակութեան պարտիքներ սրտի մտօք եւ անթերի կը կատարէ, նա իրաւունք ունի իշխանութենէն պահանջել այն ամէն պարտիքներ, զորս դրեցի ի վեր. եւ երբ իշխանութիւն մի իւր իրաւունք ժողովուրդէն լիովին կստանայ եւ առ ժողովուրդն ունեցած պարտիքներ կը մոռնայ, այլ եւս ժողովուրդ ինչ միջոցալ կարող է այդ անվճար եւ մոռացեալ իրաւունքը ձեռք բերել։

Իսկ դու, ազնիւ որդեակ իմ, որ ընդ իշխանութեամբ ծնած ես եւ ժողովուրդին կրթեալ զաւակն ես, պարտիքներդ սրտի մտօք տար ու կատարէ, իբրել քրիստոնեայ ուշ դիր Պօղոսի խրատուն, որ կը յորդորէ հնազանդ լինել իշխանութեանց. եւ հատուցանել որում զպարտս՝ զպարտ, որում զպատիւ զպատիւ. եւ այլն։ Նոյն Պօղոս կասէ թէ՝ իշխանութիւն վայրապար չէ կապեր սուրը իւր մէջքը, որով աշխարհիս չարագործներուն հարուած կսպառնայ. իսկ եթէ դու կուզես իշխանութենէն չերկնչիլ եւ ազատ վարել կեանքդ բարիք գործէ. զի բարութիւն եւ բարեգործն, առաքինութիւն եւ առաքինին միշտ ազատ են այդ երկիւղէն ու հարուածէն։