Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/342

Այս էջը սրբագրված է

Ժողովուրդի մեծագոյն մասն երկրիս վերայ միշտ կարօտ ու չարչարուած կեանք կը վարէ։ Նա ոչ միայն արեւելքին մէջ այլ եւ արեւմտեան քաղաքակրթութեան աշխարհին մէջ, ուր՞ լոյս տարածուած է, տակաւին ժողովուրդին մեծ մասն ծանր աշխատութեան եւ կարօտութեան մէջ կը մաշի։ Զի ես լսեր եմ եւ հարցնելով գիտեմ թէ՝ Եւրոպիոյ գործաւար մշակներու կեանք շատ դառն է, որոց ապրուստ միայն օրական պարկն ու հացն է, գործաւորին համար գանձ ու ապագայ չը կայ, գործաւոր միշտ գործաւոր կը մնայ, եւ գործարանապետ անհուն հարստութեան տէր կը լինի։

Այդչափ եւ այդպիսի են, ազնիւ որդեակ իմ, ժողովուրդին՞ գործունեայ կեանք եւ ընդհանուր աշխարհի մատուցած մեծամեծ արգասիք, յորս մեք հարեւանցի տեսութեամբ անցաք, եւ պէտք է խոստովանիլ, որ քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ ժողովուրդ մեծ տարերք կը կազմէ, եւ յառաջդիմութեան ընդարձակ ասպարէզը՝ Ժողովուրդին աշխատութեան ոտք չափեց։

Այժմ դառնամք եւ ազնուականաց դասուն նկարագիր հանենք, որոց դիրք, կարգ, աստիճան, պաշտօն, պարտիք եւ կենցաղավարութիւն աշխարհի առաջ ժողովուրդի խոնարհ դասէն շատ վերագոյն կը համարուի։

Այս վերակարգ դասուն կը պատկանի աշխարհավարութիւն, աշխարհաշինութիւն, քաղաքագիտութիւն, դատաւորութիւն եւ այլն։ Դոքա քան զժողովուրդն առաւել պէտք է կրթեալ լինին, հանճարեղ, իմաստուն եւ խորհրդական լինին, վասն զի երկրին կառավարութեան սանձն իրենց ձեռքն է, երկրին շահն ու վնաս կշռող նժարը՝ իրենց խելքն է։ Այդ վարիչ իշխանական՝ կարգն է որ կը խորհի, կը կարգադրէ, եւ յառաջ կը վարէ քաղաքակրթութեան կառք։

Թողունք այդ ազնուական դասուն աշխարհավարական մասն, որուն համար արդէն նախագլխոյն մէջ գրեցի թէ ինչ է իշխանութեան պաշտօն եւ պարտիք։

Այժմ խօսինք ազնուականաց դասուն այլ եւ այլ հանգամանաց եւ պարտուց մասին։ Նոքա, որոց բախտ յաջողեր է հարուստ եւ մեծատուն լինել աշխարհիս վերայ, նոքա մեծ պարտիքներ ունին կատարելու, «Զի որում շատ տուաւ, շատ խնդրեսցի ի նմանէ» ասաց Քրիստոս։

Բայց դու, հարցասէր եղիր, որդեակ իմ, քննենք թէ ո՞յք