Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/344

Այս էջը սրբագրված է

դիմութեան համար, որ լուսոյ տուներ ու դպրոցներ կը կանգնէ, գրատուններ եւ թանգարաններ կը հաստատէ, հեղինակ մատենագիրներ կը քաջալերէ, գործարաններ կը բանայ, ազգին աղքատ ու պարապ որդիքներուն գործ կը գտնէ, բարեպաշտ ու մարդասիրութեան ոգւով աղքատանոց, հիւանդանոց շինելով ազգին թշուառներ կը պատսպարէ Յովբայ նման իւր ոչխարաց բուրդերէն բաժին հանելով մերկերու թիկունք կը ջեռուցանէ, եւ այսպէս կը կատարէ իւր պարտք ճշմարիտ ազնուականն. եւ նա կը խորհի զօրհանապազ Աստուծոյ եւ աշխարհին առաջ միայն մեծագործ առաքինութեամբ բարձրանալ։ Նա իւր առաքինութեան վարձ՝ երբէք ժողովուրդէն երկրպագութիւն չի խնդրեր, միշտ յիշելով Յիսուսի պատուէրը՝ աջով կը գործէ եւ ձախը չիմանար. իւր փառք եւ սրտին հաճոյքը՝ միայն իւր առաքինութեան մէջ կը շատանայ։

Տեսցուք նաեւ անիրաւութեամբ ու զրկանօք հարստացած ազնուականաց գործն ի՞նչ է։

Այդպիսի սուտանուն ազնուականաց ճանապարհ շատ բազմադիմի է աշխարհիս վերայ։ Ոմանք հարստահարելով, յափշտակելով կը հարստանան, ոմանք դիպոլածով կը հարստանան, զոր բախտ կը համարին, եւ յանկարծ մի աւուր մէջ մեծնալով ազնուական կը դառնան. միայն թէ՝ այն հարստութեան գանձեր զոր մարդ առանց աշխատութեան դիւրութեամբ կը գտնէ, շատ բնական է որ զայն դիւրութեամբ կը կորուսանէ։ Այսպիսեաց օրինակներ շատ կան աշխարհիս վերայ, եւ մեք մեր ժամանակի մէջ տեսանք ու տակաւին կը տեսնանք։ Ո՞ւր են Պոլսոյ մեր հին հարուստ ու Հայ սեղանաւորներ. որոց վստահութեան յանձնուած էր Տէրութեան գանձ, այսօր նոցա որդիքներէն շատերը հայրենի ժառանգութեան մեծագանձ հարստութեան հետ՝ կորուսին նաեւ ազնուականութեան պատիւ։ Ոմանք եւս հնարագէտ եւ ամէն խարդախ միջոցներ ի գործ դնելով կը հարստանան, իսկ ոմանք գիտես թէ ի բնութենէ արծաթասէր բարք ունենալով՝ անհնարին ագահութեամբ եւ ամենախիստ խնայութեամբ կեանք վարելով կը հարստանան։ Չմոռնանք, շիջենք նաեւ այս կարգին հետ այն կալուածատէր ազնուականներ, որոց հարստութիւն կը կարծուի թէ հողն է, բայց հողէն առաւել հողագործ մշակներու ճակատէն թափուած քրտինքն է։ Այդ անգութ եւ խստաբարոյ կալուածատեարք իրենց