վաստակաւոր մշակներ աշխատութեան մէջ զօրհանապազ կը մաշեցնեն. կամ կիսավարձ եւ կամ վարձահատ առնելով՝ խեղճ մշակները՝ միշտ մշակ մնացեր են, եւ կալուածատէրը՝ ազնուական դարձեր է։ Թող վարձահատութեան զրկանք, մի ուրիշ քան զայս առաւել սոսկալի զրկանքներ պատմեմ քեզ, որոց ես ինքս ականատես եմ եւ հարցափորձելով տեղեկացայ։
Միանգամ մայրաքաղաքիս Հայ ազնուականաց միոյն ագարակը գնացի, որուն մէջ շատ ծառայող մշակներ կային, եւ ես այն պահուն պատահեցայ երբ մշակներ աշխատութենէն դագրած նստեր հաց կուտէին. դիտեցի, որ իրենց կերակուր միայն սեւ հաց եւ խաշած լուբիա էր, ուրիշ ոչինչ։ Ես այնպէս կարծեցի, որ մի աւուր պատահումն էր այս, ուստի հարցուցի ագարակատէր ազնուականին. թէ ձեր մշակներու կերակուր միշտ ա՞յս է, մանաւանդ Հէատկի այս մեծ օրերը։ Այո՛, ասաց, տարին բոլոր դոցա կերակուր այդ է միայն. մշակներու համար Զատիկ, Բարեկենդան չկայ, այլ միշտ միօրինակ հաց ու լուբիան է նոցա կերակուր։ Ոգիս խռովեցալ, կրկին հարցուցի. այս աշխատաւոր մշակներ, որոց ձեռքէն բազմապատիկ բերքեր կընդունիր բուն ագարակէն ելած, ժիթէ դոքա կաթէն, մածնէն, իւղէն, պանրէն եւ այլ զանազան բերքերէն մասն ու բաժին չունի՞ն։ Ոչ, պատասխանեց ազնուականն. եթէ ագարակի մշակներ այդ բերքերէն ուտելու իրաւունք եւ բաժին ունենան, այլ եւս մեր ագարակին շահն ոչինչ չմնար, վասն զի մեր գլխաւոր շահը պէտք է նոցա խիստ ու սակաւապէտ կեանքէն գոյանայ։
Ահաւասիկ ագարակատէր մեծատանը ազնուականութեան փառք, դու ինքնին դատաստան արա մտքիդ մէջ, ազնիւ որդեակ իմ, հազար անգամ Ասիոյ եւ մեր հայաբնակ աշխարհի մշակներ երջանիկ ու բախտաւոր են, որք կաթով, իւղով, եւ այլ կերակուրներով կը սնանին։ Թող այս փողոցի աղքատներն եւս գոնէ տարուան նաւակատեաց օրերը մատաղ ուտելով մսի համ կառնուն, իսկ այդ ազնուականաց մշակներ չգիտեն թէ միսն ի՞նչ համ ունի։
Սորա համար Աստուած վեր էն կը տեսնար եւ մշակները զրկող ու հարստահարող կալուածատերաց համար մարգարէին բերանով կը խօսէր. «Եւ բողոք հնձողաց եհաս յականջս իմ»,