Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/348

Այս էջը սրբագրված է

ԴԱՍ Զ.

ԱՇԽԱՏՈՒԹՅԻՒՆ ԵՒ ՀԱՑ

Աշխատութիւն մարդւոյն կեանք արդիւնաւորող Աստուծոյ օրհնած
սերմն է. եթէ յուսով ցանես զայն՝ շահաբերութեամբ կը
հնձես, կեանքդ լիասեղան հացով եւ բարեօք կը լեցուի. եթէ
չցանես՝ ոչ ինչ չես հնձեր եւ կեանքդ կը սովամահի:

ՄԱՐԴՈՅՆ աշխատութեան եւ գործունեայ կեանքին պիտանի եւ օգտակար դասը պիտի խօսիմ քեզ, ժիր ու գործասէր որդնակ իմ, ականջդ բաց եւ ինձ տուր քո միտքդ, զի այս կենսական դասն է, որ քո կեանքը կը բեղմնաւորէ, դու անպէտ անպտուղ ծառ չես լինիր մարդկային ընկերական դրախտին մէջ, որ աշխատութեան պտուղ չը տալով՝ միայն երկիր կը խափանեն. զոր իրաւամբ հատանել պէտք է, կը վճռէ Յիսուսին բացախօս առակը։ Եթէ մարդն ինքնին ազատ իրաւունք ունի իւր տնկած եւ զարմանած պարտիզին անպտղատու ծառեր հատանել, քանի՞ առաւել աշխարհիս դրախտ տնկագործող Արարիչը տիրապէս իրաւունք ունի հատանել այն ապարդիւն մարդատունկեր, որք ոչ միայն հակառակ կը վարին տիրական վճռոյն դէմ, այլ եւ տիեզերքի բնական օրինաց դէմ շատ մեղապարտ կը լինի մարդ, երբ կը դիտէ ու կը տեսնայ, որ երկինք ու երկիր կը շարժին եւ կը գործեն, անդադար միշտ արդիւնաւորելով այս մեծաշահ դաստակերտ թէ ի պէտս մարդոյն եւ թէ ի փառս բարեխնամ Արարչապետին։

Տեսողութեամբ ու մտքով կոյր մի լինիր եւ կորահայեաց, որդեակ իմ Սամուէլ, գլուխդ ի վեր առ, աւագ աչքով դիտէ եւ տես բովանդակ տիեզերաց գործունէութեան հանդէսը, որ զտիւ, եւ գիշեր շարժման եւ փոփոխութեան մէջ անվրէպ կը կատարեն իրենց սահմանեալ ընթացքը՝ միշտ հպատակ լինելով յաւիատենական օրինաց տակ։ Եւ նոյն ինքն տիեզերաց փարող Արարիչը միթէ անգործ կը հանգչի՞. ոչ, զի ասաց քրիստոս. «Հայր իմ մինչեւ ցարդ գործէ եւ ես գործեմ»։ Եւ ի՞նչ է նորա գործը. դու տես թէ ինչ էր։ Իր աներեւոյթ գահէն տիեզերաց սանձ բռնել ու վարել, նախախնամել արարած էակները, որ գոյութենէն ի չգոյութիւն չը դառնան, մեռեալներ հողին տալ, հոգիներ յանմահութիւն կոչել, եւ նորածնելոց՝ նոր հոգի տալով՝ մարդոյն