Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/350

Այս էջը սրբագրված է

կրթութիւն մարդոց աշխատութեան գործ եւ ասպարէզ կարի շատ ընդարձակեց. եւ այսօր բիւր հազար տեսակ գործերու մէջ կը պարապի մարդկային ընկերութիւն։ Այդ եւս բաւ չէ, տակաւին կը տքնին մարդիկ անդուլ անդադար նորանոր արուեստներ եւ գործեր հնարել զբաղասէր մարդոյն համար։ Այլ գիտես թէ մարդ որչափ իւր կեանքին պէտքեր հնարէ, բազմապատկէ՝ այնչափ եւս իւր ցանկութիւն կը գրգռէ եւ երբէք շատ չասէր։ Ո՛վ գիտէ, թերեւս Նախախնամութիւն՝ մարդոյն ցանկութեան չափ չը դրաւ. որպէս զի մարդ հնարասէր գործասէր լինի եւ հայթայթէ իւր կենաց պէտքեր։ Բայց թէ ինչո՞ւ համար ոմանց ամենածանր եւ ոմանց ամենաթեթեւ աշխատութեան բաժին հասեր է, մի զարմանար, այդ եւս անհաւասարութեան օրէնքին տկն է։ Բայց թէ ծանր եւ թէ թեթեւ, թէ մտքով ու թէ մարմնով՝ մարդիկ ընդհանրապէս աշխատութեան դատապարտուած են։ Թագաւոր՝ զոր մեք անաշխատ կը կարծենք, նա եւս մտքով եւ աշխարհի հոգերով կաշխատի, իշխան, դատաւոր՝ աշխարհավարութեան մէջ կաշխատին, զօրավար, զինուոր պատերազմի դաշտին մէջ արիւնով կաշխատին։ Այսպէս նաեւ վաճառական՝ իւր վաճառականութեան մէջ, արուեստաւոր՝ իւր արուեստին մէջ, իմաստասէր՝ իւր կարասին մէջ, մատենագիր հեղինակ՝ իւր մտաւոր ու գրաւոր աշխատութեան մէջ, եւ քան զամէն առաւել երկրագործ մշակ՝ արեւակէզ դաշտին մէջ։

Ես ո՞ր մէկ թուեմ քեզ բազում զբաղման գործեր, որոնց մէջ հէք մարդ հոգւով ու մարմնով կը տառապի ու կը տառապի։ Եւ գիտե՞ս դու թէ ի՞նչ է իւր նպատակ եւ ջանք. Սողոմոն կը բացատրէ քեզ այդ. «Ամենայն ջան մարդոյ ի բերան», այսինքն թէ մարդ այս աշխարհիս վերայ իւր բերնին ու փորին համար կը ջանայ եւ կաշխատի։ Երանի՝ թէ իւրաքանչիւր մարդոց աշխատութեան հաց՝ իւր բերանը հասնէր. զի մարդիկ կան, որ բիւրաւոր մարդոց աշխատութեան հաց իրենք կուտեն եւ ես չեմ յիշեր քեզ, դու ինքնին գտիր, թէ ո՞յք են այդ կարգի մարդիկ աշխարհիս վերայ։

Այս անհաւասար բաժնին ու կեանքին դասը՝ պէտք չէ կրկնեմ քեզ, որդեա՛կ, աշխատութեան վերայ խօսիմ միայն, որ մարդոյն եւ իւր կեանքին ճակատագիրն է. մարդ կարող չէ քերել ու եղծել զայն։ Մեծն Սողոմոն իւր գահէն կարեկից աչ-