Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/351

Այս էջը սրբագրված է

քով տեսաւ մարդոյն քաշած վշտակիր ու տառապանաց կեանքը՝ ասաց. «Զբաղումն չար ետ Աստուած որդւոց մարդկան, զբաղիլ ի նոսա»։ Չխոտորիս, որդեակ իմ, այլ ուղիղ մտքով իմացիր Սողոմոնի բան, որով կը պարսաւէ ունայնամիտ եւ չարարուեստ մարդոց անշահ աշխատութիւն եւ ագահութեան ընդունայն դեգերանքն։ Քա՛ւ թէ այն պէս կարծեմք, որ բարեխնամ Արարիչը՝ բարի աշխատութիւնն իբրեւ չար զբաղումն տուաւ մարդոյն։ Եթէ այսպէս կարծենք՝ ուրեմն Աստուած զմարդն ստեղծեց, որ զայն չարազբաղ աշխատութեան մէջ ջախջախէ եւ ինքն զբօսնու կամ զուարճանայ։ Բայց չէ. նա զմարդն աշխարհիս ագարակին մէջ դրաւ, որպէս զի գործէ ու վայելէ իւր արդար վաստակը, երախտապարտ լինի, օրհնէ ու փառաւորէ իւր Արարիչը։

Գրենք այժմ թէ ի՞նչ է մարդոյն նիւթական աշխատութեան արդիւնք։ Այդ ինքնին շատ յայտնի է մեզ, որ մարդոց աշխատութեան արդիւնք հաց եւ հարստութիւնն է. եւ հարստութեան առաջին եւ մշտնջենաւոր աղբիւրը՝ հողն ու երկիրն է, զոր մեծատունն Աստուած տուաւ մարդոյն իբրեւ օժիտ կամ իբրեւ ժառանգութեան կալուած, որ գործէ ու պահէ։ Մարդոյն այս ամենահարուստ կալուածն՝ իւր ծոցէն եւ ակնէն իբրեւ անհատահոս աղբիւր շարունակ կը բղխէ եւ կը հոսէ յորդեալ գետերու պէս անսպառ եւ անհատնում հարստութեան գանձերը: Չէ թէ միայն հաց կամ ուրիշ արմտիք, որք մեր կեանքին բուն սնունդ են, այլ եւ հանքային գանձեր, ոսկի, արծաթ, պղինձ, երկաթ, անագ, կապար եւ այլ շատ պէսպէս մետաղներ, որ դարձեալ մեր կեանքին կը ծառայեն արուեստաւորաց ձեռքով, եւ բազմապատիկ կը յաւելուն մարդոյն հարստութեան մեծութիւնը։

Սակայն երկրին այս բնական հարստութիւն բաւական չէր այլ պէտք է հողին ու երկրին հետ։ Քրիստոս կասէ թէ երկիրն ինքնին կը բերէ պտուղ, այո՛, շատ բաներ կան, որ առանց մարդոյն աշխատութեան երկիր իւր ինքնաբերութեամբ կը մատակարարէ. զորօրինակ անմշակ անտառներ եւ այլ անձեռատունկ շատ վայրենի ծառեր, թողումք լեռներու եւ դաշտերու բուսական խոտեր։ Բայց Քրիստոսի խօսք, որ մասնաւորապէս ցորենաբոյսին համար է, այդ եւս մինչեւ մշակ գետին չհերկէ.