Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/370

Այս էջը սրբագրված է

մի սպասեր որ ամբողջ փոխուին դոքա եւ դիւրանան քայլերդ: Մի՛ սպասեր դու, ինչպէս այն ապուշ ու բթամիտ ճամբորդն, որ գետափին մօտ կերած կսպասէր մինչեւ անցնի գարուն, անցնի ամառն, աշուն գայ, ցամքի գետի ջուրը եւ ինքը անթաց ոտքով անցնի։

Ժողովուրդ, դու ինքնին գիտես, մեր աշխարհ յորդ անձրեւներե, ձիւներ շատ ունի, մեր գետերու ջուրերով գիտէ երբ կը ցամքին. ուրեմն սրունքդ բաց, անվախ մտիր ի գետն, մինչեւ պարանոցդ ջրաթաղ եղիր եւ անցիր ի միւս կողմն։

Իսկ եթէ կուզես գետերու յորդ ջուրերէն, աշխարհիս ծովերին անկասկած անցնիլ, քաջ ուսիր լողալու արուեստն, եւ ո՞ւր տեղ, այդ եւս դպրոցի լճին մէջ, թղթով, գրով, եւ ինքնաշխատ կրթութեամբ։

Թերեւս դու այնպէս կը կարծես, որ արեւմտեան ժողովուրդին յառաջդիմութեան քայլերուն դէմ ծովեր ու գետեր չելան։ Ո՛չ, դու կարդա այդ ժողովուրդի պատմութիւն եւ պիտի ապշիս ու զարմանաս, որ նա ջրոյ եւ ծովու հոսանքն երկնանցաւ, մինչեւ ի գլուխ տարաւ յառաջդիմութեան եւ գիտութեան յաղթանակ։ Դու մի վհատիր երբ կը տեսնաս, որ ուղիներդ դժուարին առապարներ են, այդ ամէն ինքնաշխատութեան ոտքիդ առաջ կը հարթուին եւ կը դիւրանան, միայն թէ դու մի վատասրտիր:

Ձեռքերդ ծոցէդ հան, մի անգամ ինքնաշխատութեան սկսէ. ի զուր է, յուստեքէ օգնութիւն մի սպասեր, միթէ փորձով չը տեսա՞ր թէ՝ աշխարհիս վերայ քեզ ոչ ոք օգնական կայ, ուստի ի բերան ա՛ռ Դաւթին այն բան եւ աչերդ դէպ երկնից բարձրութիւն դարձնելով աղօթէ «Համբարձի զայս իմ ի լերինս, ուստի եկեսցէ ինձ օգնութիւն», Ասա դու, «Օգնութիւն ինձ ի Տեառնէ եկեսցէ, որ արար զերկինս ի զերկիր»։ Մի մոռնար, կարդա նաեւ Դաւթին միւս խրատ, «Մի յուսայք յիշխանս որդիս մարդկան. զի ոչ գոյ փրկութիւն ի նոսա»։ Եւ թէ, «Երանի ազգի որոյ Տէր Աստուած Յակովբայ օգնական է նմա եւ յոյս նորա ի Տէր Աստուած է»։

Ուրեմն յոյսերդ յԱստուած եւ ի քեզ ժողովէ, վհատեալ Ժողովուրդ, եւ գոնէ գիտցիր այսուհետեւ թէ՝ դու ինքդ ես միայն քեզ օգնական։

Այո՛, քո ձեռքն է քեզ օգնական, երթ գործես, արուեստա-