Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/373

Այս էջը սրբագրված է

ԴԱՍ Թ.

ՀԱՆՃԱՐ ԵՒ ԸՆԿԵՐԱԿԱՆ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆ

Ինքնաշխատութիւն, հանճար եւ ընկերական զօրութիւն. այս հրեք
հզօր միացեալ դաշնակիցներ աշխարհիս կեանքը յեղաշրջելով
յառաջդիմութեան հրաշքներ գործեցին, եւ նոյն իսկ մարդն ինքնին
կապշի կը զարմանայ թէ ինքն է գործող արդեօք:

ՆԱԽՈՐԴ ինքնաշխատութեան դասով ուսար, որդեակ իմ, թէ աշխարհիս վերայ ժրագործ մարդոյն ձեռք իւր ինքնաշխատ զօրութեամբ կարող է յառաջդիմել առանձին մարդկային ընկերութեան մէջ։ Իսկ այս դասին մէջ պիտի ուսանիս թէ ի՞նչ է զօրութիւն ընկերական միութեան, որոյ առաջ աշխարհիս դժուարութիւններ կը դիւրանան. եւ ինչ որ մի մարդոյն ձեռք կարող չէ գործել, ընկերական հոգին միութեամբ կը մեծագործէ։ Վասն զի մարդոյն ինքնաջան զօրութիւն՝ եթէ ընկերական միութեան ուժին հետ չմիանայ, եթէ առանց հաղորդող տարածութեան՝ իւր զօրութեան արգասիք միայն իւր մէջն ամփոփելով պահէ, յայնժամ այդ առանձնական զօրութեան սերմ ոչ կաճի, ոչ բեղմնաւորելով կը բազմապատկի. այլ կը մնայ նոյնչափ, որչափ մի անհատ մարդ իւր ինքնաշխատութեամբ ձեռք բերեր է։

Սորա համար մի պարզ ու համոզիչ օրինակ տամ քեզ։ Եթէ շոգւոյն մեծ զօրութիւն գտնող հեղինակն՝ այդ աշխարհաշէն գիւտ իւր մտքին եւ տան մէջ թագուցանէր ու չհանէր զայն ընկերութեան հրապարակն, ի՞նչ արդիւնք կընծայէր աշխարհին, ոչինչ։ Ինքնաշխատ հեղինակն իւր հանճարած գիւտին հետ կը մեռնէր, եւ շոգին իւր մաշած ուղեղին հետ կը ցնդէր գերեզմանին մէջ. եւ այսպէս հանճարն եւ գիւտ ի միասին կը կորսուէր։

Այս մի օրինակ քեզ բաւական է. դու ինքնին իմաստասիրէ եւ կիմանաս, թէ մարդոյն ինքնաջան զօրութեան հետ պէտք է միանայ ընկերական միութեան զօրութիւն. ապա թէ ոչ հանճարին սերմն ապարդիւն կը մնայ, կամ շատ շատ իւր սերմնագիւտ մշակին միայն առօրեայ հաց կը հայթայթէ։

Մի մարդ, մի զօրութիւն, մի հանճար թող որչափ կուզէ ինքնաշխատ լինի, մեր ընկերական աշխարհ չի շիներ: Դու տեսե՞ր ես, որ մի մարդ մի քաղաք կամ գիւղ շինէ. կամ մի թա-