Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/375

Այս էջը սրբագրված է

տիկին, որչա՞փ կը յարմարի Աւետարանի այն առակին, զոր Քրիստոս օրինակ բերաւ, այսպէս ասելով. Մանանեխի հատիկն ամէն սերմերէն փոքրագոյն է, եւ երբ ցանես զայն՝ կը բուսնի եւ աճելով մեծ ծառ կը դառնայ, մինչեւ կուգան թռչուններ եւ նորա ոստերուն վերայ կը հանգչին։

Այսպէս նաեւ եթէ հանճարին հատիկն առանձին մնայ իւր ինքնաշխատ մշակին պարտէզը՝ ոչինչ առաւելութիւն չունի: Բայց երբ ընկերութեան դարաստանին մէջ ցանուի, անդէն վաղվազակի կը բուսնի եւ աճելով ահագին մեծ ծառ մի կը դառնայ. իւր ճիւղեր բոլոր աշխարհի վերայ կը սփռէ, եւ իւր անհուն առատ պտուղները կը վայելէ մարդկային ազգ։

Խօսիմ ու պատմեմ քեզ, որդեակ, թէ հանճարին փոքրիկ զօրութիւն՝ ընկերական ամենամեծ զօրութեան հետ միանալով՝ ինչ գործեց եւ ի՞նչ արդիւնք արտադրեց արեւմտեան աշխարհին մէջ, որք արեւելեան անգէտ ժողովրդոց համար կը թուին թէ այդ գործերը գերմարդկային հրաշքներ են։ Ընկերական միացեալ զօրութիւնը՝ շոգւոյն եւ մեքենային ոյժը՝ իւր զօրութեան հետ միացնելով ծովն ու ցամաք հնազանդեցուց իւր ոտքին առաջ։

Դու կարե՞ս թուել թէ այսօր որչափ անթիւ անհամար շոգենաւեր կան ու կը շրջին աշխարհիս ծովերուն վրայ։ Ծովամայր Օվկիանոսին տարածութիւն, զոր երբեմն մարդիկ անծիր եւ անսահման կը կարծէին, շոգին ու մեքենայն զայն մի քանի աւուր մէջ կը չափեն։ Խեղճ Կօլոմբոս այն ինչ տարիներով կը դեգերէր նոր աշխարհ գտնելու համար, այսօր Լօնդոնէն մինչեւ յԱմերիկա տասն աւուր մէջ կը չափեն։ Ծովու մեծ կէտ վիթխարի Լեւիաթան զարմացաւ, երբ տեսաւ որ քան զինքն մեծագոչն հազարաւոր փայտակերտ, մարդաշէն Լեւիաթաններ ծովու թագաւորութեան տիրելով ազատաբար կը լողան. իւր գլուխ եւ տուտ քաշեց ու սոսկալով մտաւ ծովու խորութեան մէջ ծածկեցաւ։

Յովր կասէ թէ այդ մեծ ծովային վիշապը մեծագործ Արարիչ հրեշտակներու համար ստեղծեց, որ զբօսնուն եւ խաղան նորա հետ։ Թող այժմ այդ զբօսասէր հրեշտակներ մարդոց քնարած Լեւիաթաններուն հետ խաղան, ու ճանչնան թէ աշխարհիս որդիքներ քան զիրենք աւելի իմաստուն եւ հնարագէտ են. որպէս վկայեց Յիսուս: