Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/379

Այս էջը սրբագրված է

ափ մոխիր կը դառնար հանճարը, մարդոյն հետ կը մեռնէր եւ կը լցուէր գերեզմանի սափորին մէջ։

Այնպէս չեղա՞ն մեր նախնեաց հանճարէն ծնած անգիւտ ձեռագիրներ եւ հնութեան յիշատակարաններ։ Ո՜հ, կամ բարբարոսաց ձեռքով հրոյ ճարակ եղան, կամ իբրեւ վարձք եւ բարեպաշտութիւն, անգէտ մարդոց ձեռքով իբրեւ մեռած դիակներ հողին մէջ թաղուեցան։ Մեծ գովութեան եւ ազգի երախտագիտութեան արժանի են Մխիթարեան ուխտին գրավաստակ Հարք, որք ինքնաշխատ ջանքով աստի եւ անտի մեր հին գրական մնացորդ նշխարներ ժողովելով ի լոյս ընծայեցին։ Փտտած ու փոշոտած ձեռագիրներ, որք իբրեւ ճրագ գրուանի տակ գրուած վանքերու մութ խորշերուն մէջ ծածկուած մնացեր էին, անլոյս եւ ապարդիւն, տպագրութեան լուսով ելան կենդանի ժողովուրդին մէջ մտան, եւ այսուհետեւ անմահ են։

Եթէ մի Գուտթէմբէրգ եւս քսան դար, երեսուն դար յառաջ Մասիսին տակ ծնէր, մեր աշխարհին վէպեր, մեր քաջ դիւցազանց գործեր, թէ գրական եւ թէ մեր հին հարց կենդանի աւանդութիւնք, եւ ինչ որ մեր հայրենեաց անուն եւ փառքը կը պատմեր այս ներկային մէջ, անշուշտ այդ ամէն անցելոյն ստուերին կրճատ, բեւեռագիր արձանագրութեանց չէինք դիմեր, որոց ամենադժուարին վերծանութեան համար աշխարհիս հնագիտաց ուղեղներ կը տանջուին։

Ուրեմն խոստովանիմք, որդեակ, թէ մի հանճար՝ իւր կապարեայ գրերով եւ տպագրութեան մամուլով գրական մշակներու վաստակն անմահացուց, եւ սորա փոխարէն գրական հանճարներն եւս զԳուտթէմբէրգն անմահացուցին։ Եւ այս իսկ զարմանալի է. զի հանճարներու հոգիներն՝ իրարու անմահութիւն կը ներշնչեն, եւ մինն՝ միւսին գործն ու յիշատակ կը փառաւորէ։

Մենք եւս պարտական եմք միշտ յիշել ու փառաւորել հանճարներուն յիշատակ, վասն զի նոքա եւս իրենց Տօնացոյցն ունին, եւ զիրենք կը տօնախմբէ քաղաքակիրթ աշխարհ։ Եւ միթէ արժանի չե՞ն նոքա, որք իրենց ինքնաշխատ կեանք գիւտերով արդիւնաւորեցին, եւ ոմանք եւս հացակարոտ անձնազոհ մեռան։ Այո՛, այդ հանճարոյ նահատակներ մարդ էին ու մեռան. բայց իրենց պտղաբեր կեանքին անմահ եւ անսպառ արդիւնքն այսօր բովանդակ աշխարհ կը վայելէ։