շունչին առաջ կը խամրին բոլոր երջանկութեան ծաղիկներ եւ կը թօթափին ի վայր, եւ այն որ այսօր երջանիկ է, վաղը կը նստի թշուառութեան հողի վերայ։
Բայց փոքրասիրտ չարերէն եւս վախնանք ու կասկածինք, թէպէտ առանձին առանձին մտածելով դոքա մի մի փոքրիկ սիրտ եւ փոքրիկ աղբիւրներ կը համարուին. իսկ երբ վտակ առ վտակ գալով միանան՝ յայնժամ ահագին գետ կը կազմեն կը յորդին երկիրը, ազգ եւ ժողովուրդ միանգամայն գետատար ջրահեղձ կը լինին։
Ես չեմ ասեր չարութեան բնածին սերմեր ու կաթիլներն իսպառ չքացնել մարդոյն սրտին, յորում ելեւէջ կառնուն ինչպէս հիւլէն արեւաշողին մէջ. եւ մարդոյն լարամէտ սիրտը բոլորովին բարութեան աղբիւր մի դարձնել, անխառն եւ անմասն չարութեան շամանդաղներին։
Որչա՞փ դժուարին եւ անհնարին է կապարի նման երկրի վերայ ծանրացած երկրաքարշ մարդ այնչափ գերագոյն բարութեան վերածել, եւ կարծել թէ նա կարող է բարի լինել ինչպէս է Աստուած եւ հրեշտակ։ Յիսուս տեսաւ թէ ի՞նչ կը կրէ ներքուստ մարդոյն կեղծող ոգին։ ասաց. «Չիք ոք բարի, բայց միայն Աստուած»։
Մարդոյն սիրտ իբրեւ երկծորակ մի աղբիւր է. մերթ չարութիւն կը բղխէ եւ մերթ բարութիւն. մերթ դառն եւ մերթ քաղցր։ Սորա համար մեր հոգեկիր Նարեկացին մարդոյն յարափոխ վիճակն ողբալով կասէ. «Այսօր մաքուր հոգեկիր. վաղիւն մոլի խելագար»։ Շատ եւ բաւական է, եթէ կարենայ ապիկար մարդ չարութեան ակն որչափ հնար է խցելով նուազցնել, բարութիւն բղխել եւ սրբել իւր սիրտն աղտղտին կաթիլներին։
Սոկրատի նման բարոյական իմաստասիրներ կը տքնին զօրհանապազ եւ թերեւս չհաւատան ու կը խօսին թէ՝ լոյս, գիտութիւն, դաստիարակութիւն, քաղաքակրթութիւն, կարող են մարդոյն սիրտը կրթելով, մշակելով, ուղղելով, սրբել չարութեան ախտերին եւ թշուառութիւն աշխարհին բառնալ։
Այդ հրաշք եթէ միայն մարդոյն ձեռք արուեստաւորէ, ես չեմ հաւատար, որդեակ իմ, իսկ եթէ մարդոյն դաստիարակող ձեռքին հետ Աւետարանի հոգին եւ ընկերութեան ձեռքն եւս հրաշագործէ, այո՛, կը հաւատամ յայնժամ թէ մեր ընկերական