Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/39

Այս էջը սրբագրված է

Թողունք, Թոռնիկ, ուտեստի եւ հագուստի վերաբերեալ բաներ, որ գիւղական ժողովրդի աշխատութեան շնորհիւ կը պատրաստուին. հապա ո՞վ կը տնկէ անտառի ծառերը, եւ կը պատրաստէ աշխարհիս մարդոց բնակութեան անթիւ, անհամար շինութեան փայտեր, թող ցամաք երկրին, ծովու վերայ գնացող նաւերուն փայտերը։ Թէպէտ ի սկզբան Տէր Աստուած այս մեր աշխարհի լեռներ, դաշտեր ինքնաբոյս անտառներով զարդարած էր. բայց երկրի բնակիչ մարդիկ կտրելով սպառած են այժմ այդ հին դարերու յաւիտենական անտառներ։ Այնուհետեւ սկսեց անտառաբանութեան մշակութիւն, որ երկրագործութեան մի կարեւոր ճիւղն է։ Եւ գիտելս դու, թէ այժմ տնկելով, դարմանելով որչափ նորանոր անտառներ կը հասցունեն։ Երանի թէ բախտ ունենայիր, Թոռնիկ, Եւրոպա երթալ եւ տեսնալ այն գեղեցիկ մայրի ծառերու եւ այլ պէս պէս որոշ որոշ անտառներ թէ հնատունկ թէ նորատունկ, զորս կը խնամէ եւ կը պահպանէ անտառապահ մշակն, գիտէ ժամանակին հինը կտրել կարգով եւ նոր մատաղ տունկ տնկել, կամ անտառը սերմեր ցանել եւ այնչափ ճարտարութեամբ դարմանել որ մի քանի տարուան մէջ, այդ փոքրիկ սերմիկներ մեծ մեծ ծառեր կը տնկէ եւ կը ծածկեն գետնին երեսը, որոց հովանեաց տակ կը հանգչի աշխատաւոր մշակը. անոյշ անվրդով դուն կը քաշէ եւ անտառին քաղցրախօսիկ սոխակներ յոգնած մշակին օրօր կը կարդան:

Այսչափս միայն խօսելով, մտավարժ Թոռնիկէ կարծեմ լաւ հասկցար թէ՝ քանի՞ մեծ է եւ պիտանի հողագործութեան արդիւնք, զորս մշակ ժողովուրդ կը մատակարարէ աշխարհիս քաղաքացի ժողովուրդին։ Իսկ քաղաքացի ժողովուրդ, ընդունելով այդ ամեն վայելք, ինքը եւս գիւղացի ժողովրդոց խիստ կարեւոր պէտքեր կը հոգայ, որով համերաշխ մի փոխանակութիւն կը լինի երկուստեք, որով բարւոք կը կառավարեն աշխարհիս իրարմէ անջատեալ ժողովուրդներ, գիւղացին ի գիւղ, քաղաքացին ի քաղաք։