Դ.
ՓՈԽԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆՔ
ԳԻԻՂԱՑԻՈՑ ԵԻ ՔԱՂԱՔԱՑԻՈՑ
Սիրելի Թոռնիկ, կը տեսնաս միշտ եւ դիւրապէս կարող ես ըմբռնել, թէ ի՞նչ է փոխանակութիւն մեր տուրեւառական կենաց մէջ։ Առանձին մարդ, սոսկ իւր ինքն աշխատութեան արդիւնքով չի բաւականանար, զի մարդկային ընկերութիւն համաշխատութեամբ կապրի. այսինքն ինչ որ մեք ունիմք, զայն կուտամք եւ ինչ որ չունիմք, զայն կառնումք։ Մեք ունիմք շատ բաներ, զոր քաղաքացին չունի, նմանապէս քաղաքացին ունի շատ բաներ, որ մեք չունիմք։
Զորօրինակ, մեք ցորեան ունիմք եւ ուրիշ շատ հնտեղէն եւ բանջարեղեն բաներ. ոչխար եւ տաւարներ ունիմք, կաթ, պանիր եւ իւղ ունիմք. կան նաեւ շատ երկրագործութեան այլ եւ այլ արդիւնքներ, որոց աւելորդը ծախելով կը գնեմք մեզի պէտք եղած բաները, որ շատ քիչ են. զի գեղացւոց կեանքի պէտքեր աւելի պարզ եւ անպաճոյճ են։ Մեր հագուստի համար բաւական են շալեղեն եւ կտաւեղէն նիւթեր, ընտանեաց համար Վանայ չիթ, կարմիր կտաւ եւ տեղացի մանիսան բաւական էր երբեմն, իսկ այժմ Եւրոպիոյ փտած պասմաներ եւ չուխաներ բաւական չեն համարեր։
Է՜, Թոռնիկ, ժամանակ փոխուած է, գիւղացի ընտանեաց ճաշակն եւս բացուած ե քաղաքացւոց պէս։ Քաղաքացի ընտանեաց փայլուն զարդարանք անշուշտ կը հրապուրեն մեր պարզասեր ընտանիք։ Բայց պետք է գիւղացի ժողովուրդ ամենայն կերպով աշխատի իւր պարզութիւն եւ իւր սակաւապէտ կեանքի սովորութիւններ պահել։ Վասն զի գիւղացին իւր աստիճանին չափով պետք է ապրի։ Եւ առանձին դասով պիտի խօսիմ քեզ դարձեալ այս նիւթին վերայ։
Հագուստ են ի զատ, գիւղացւոց աշխատութեան ամենապիտանին երկաթե գործիքներն են, զոր կը պատրաստէ քաղաքացի արհեստաւոր եւ մեք կառնեմք դրամով։ Մեր գութանին խոփը, հնձելու գերանդին ու մանգաղ, եւ այլ կարեւոր երկաթե բաները, որ մեզ համար անհրաժեշտ է, եւ զորս դարբինը կը պատրաստէ մեզ համար։