Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/407

Այս էջը սրբագրված է

ԴԱՍ ԺԳ.

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԵՒ ԸՆԿԵՐՍԻՐՈՒԹԻՒՆ

Ի՞նչ է դարման այս մեր հիւանդ ու թշուառ աշխարհին.—
Աւետարան, ընկերսիրութիւն եւ միաբան զօրաթիւն. սորա
համար՝ բանն բժիշկն ինքնին եկաւ յաշիւարն. մեր վէրքերը բուժել
եւ մարդկութեան հնացեալ կեանքը վերանորոգել: Եւ որոյ
անունն՝ ճշմարտութիւն եւ կեանք էր, այսպէս աւետաբանեց.
«Ես եկի, զի զկեանս անիցիք եւ առաւել եւս ունիցիք»:

ԱՒԵՏԱԲԱՆԻՆ որդեգիր, հաւատացեալ որդեակ իմ Սամուէլ, Աւետարանը եւ Աւետարանին քարոզած ընկերսիրութեան դասը պիտի խօսիմ քեզ. ականջդ բաց արա, սիրտդ ինձ տուր, խոնարհ երկիւղածութեամբ լսէ Յիսուսի դասին, որ քեզ լոյս կուտայ, յոյս կուտայ, կեանք եւ անմահութիւն կուտայ։

Յիսուս, որ աշխարհիս վերայ ինքն անգիր անդպրոց էր, Պաղեստինոյ աշխարհին մէջ բաց ալ իւր Աւետարանին համալսարանը եւ սկսեց քարոզել։

Ես կը թողում այժմ Աւետարանին քարոզած ընդհանուր դասեր, միայն ընկերսիրութեան դասն պիտի աւանդեմ քեզ, եւ այն բաւական է թէ սրտի մտօք պահես։ Վասն զի սէր եւ ընկերսիրութիւն Աստուածային պատուէրներուն գլուխն է եւ օրինաց հիմն։

Մովսէս, որ Իսրայէլի ընկերութեան օրէնսգիրն էր, աստուածսիրութենէն յետոյ, յարեց ընկերսիրութեան պատուէրը։ Բայց Մովսէս այս գերագոյն պատուէրը միայն քարէ տախտակին վերայ գրեց՝ թողաց ու գնաց, եւ զայն անձնազոհ արիւնով մկրտելով չը նուիրագործեց։

Իսկ Յիսուս սիրոյ մեծութիւնն՝ իւր անձին վերայ չափելով ասաց. «Մեծ քան զայս սէր ոչ գոյ, եթէ ոք զանձն դիցէ ի վերայ բարեկամին»։ Ասաց, եւ անդէն իւր բարեկամ մարդոյն համար գնաց ի խաչ եւ ընկերսիրաթեան օրէնքը իւր արիւնով, իւր մահով եւ իւր մեծ ու անկշիռ սիրով մկրտեց, եւ այս իւր գերագոյն օրինակով սէրը տուաւ աշխարհին՝ իբրել մի միայն դեղ