Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/432

Այս էջը սրբագրված է

քո կեանք՝ քառասուն դար է. Յունական կրակէն, Պարսկական կրակէն, Արաբացւոց կրակէն, Թաթարներու կրակէն ողջ անցար, անհուն անհամար զոհեր տուիր, որպէս զի մնացորդ որդիներովդ ապրիս, եւ արդ ապիկար եւ վատազգի Քիւրտին կրակով պիտի այրիս եւ սպառիս։

Մինչ հիւսիս հարաւին դէմ ի մարտ կորոտար, Հայոց լեռներու հին աւազակներն ի զէն կը կոչուէին. այդ բանը՝ նոցա համար մի բախտ եւ պատեհ ժամ էր։ Նոքա որ սովորած էին առանց քրտանց վաստակի՝ գիւղական ժողովուրդին ճակատի քրտանց հացն ուտել, միշտ աւարով ու յափշտակութեամբ ապրիլ, իրաւունք համարեցին իրենց համար ամէն բռնութիւն, ամէն եղեռն եւ ոճիր ի գործ դնել քրիստոնեայ ժողովուրդին վերայ. եւ այնչափ անվախ ու անկասկած կը գործէին չարիքներ, որպէս թէ երկիրն անիշխան էր, ոչ իրաւունք կար, ոչ դատաւոր, ոչ դատաստան։

Մարախի ու թրթուրի նման թափեցան, Հայոց գիւղեր եւ դաշտեր ծածկեցին, մի խուն ժամանակի մէջ ամէն կանանչութիւն կերան ու չորցուցին, այն շէն շէն գեղեր եւ աւաններ անապատ դարձուցին։ Միթէ չդիտենք ի սկզբանէ անտի որ այդ ազդին ձեռք միշտ քանդող է, երբէք շինել չգիտէ. ես էլ չգիտեմ թէ ինչո՞ւ համար է որ երկրին իշխանութիւն այդ աշխարհաքանդ ձեռք կարճել չուզեր։

Եւ ո՞յք էին Քիւրտերու անկարգ հրոսակներուն վարիչ եւ առաջնորդ.— նոցա մոլեկրօն դենպետներն էին, որոց ոգիներ ի բնէ անտի ոխութեամբ լցուած կը զայրանային Հայոց ժողովուրդին դէմ. մանաւանդ երբ կր լսէին եւ կը հաւատային իսկ թէ այս պատերազմ յանուն Քրիստոնէից ազատութեան կը մղէ հիւսիսային Պետութիւն:

Ես գիտեմ ու կը ճանաչեմ զՔիւրտն. գիտեմ թէ նա ինքնին ոչինչ գործ եւ զօրութիւն չունի, այդ անդէպ պատճառանքներ ի բաց թողունք։ Այո՛, դենպետներու կրօնամոլութեան հուրը կը վառէր զիրենք. այլ ի՞նչ հուր էր այն, որ ի ներքուստ զդենպետներ կը վառէր։

Ո՜հ, մի՛ կրկտեր այդ հուրը, գրի՜չ իմ, գրի՜չ իմ. կը բորբոքի եւ զքեզ զկայրէ. թող այրէ, թող այրէ, եւ աճիւնս երթայ խառնուի Հայոց այրած ժողովուրդի աճիւնին հետ։

Տէրութիւն զՔիւրտն ի զէն կը կոչէ. եւ ո՞վ իրաւունք ունի