Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/435

Այս էջը սրբագրված է

հղէգնեբուն մէջ ձգուած էր, ինչպէս Մովսէս Նեղոս գետին խաղեր։ Մեր խեղճ մանուկ պրտուեայ սնտուկին մէջ չէր կպրաձիւթով պատած, այլ այնպէս բացօդեայ ձգուած. խեղճ անմայր աղեկ կական բառնալով կուլար։ Լսեր մի գիողական աղջիկ, որ նա եւս կը թագուցանէր զինքն գետեզրի մացառներու մէջ, սիրտ արաց, ձայնի հետ գնար գտաւ ընկեցիկ մանուկն. գիւղացի քաջ աղջիկ, որ դեռ մայր չէր եղեր, մայրենի գորովով խաղապատեցաւ տղեկին վերայ. ինչպէս Փարաւոնի դուստր՝ առաւ տարալ մերձակայ գիւղ մի, ասաց թէ Եփրատին եզերք շամբերուն մէջ գտայ։

Չգիտեմ թէ ողջ մնացի՞ր դու, անհայր անմայր որբացեալ մանուկ. ո՞ր օտար մայր քեզ կաթ պիտի տայ ու սնուցանէ, մինչ քո բուն ծնող մայրդ առ նեղութեան ու վշտին, զքեզ անմայր թողուց։ Ո՜ տառապանաց եւ դառնութեան օր, որ կաթոգին մայրերուն բնական գորովն ու գութ մոռնալ կուտաս եւ սրտէն ի բաց կւ հանես որդեկին սէր, որ մօր աղիքն եւ սրտին հատորիկն է։

Ողբա՛մ զձեզ, Հայո՜ց մայրեր, որ կորուսիր ձեր լծակից ամուսիններ եւ սիրական զաւակներ. թէ մեռաք երանի ձեզ, թէ ողջ մնացեք էք՝ եղո՜ւկ ձեզ։ Ո՜հ, ի՞նչ կր լինէր, որ դուք եւս այն Մղեցի ղիւցազն կնոջ պէս զօրանայիք, ձեր վշտակրութեան եւ հածանաց մէջ կամակար մեռնէիք կրօնի սրբութեան համարք ձեր զաւակաց սիրուն համար, ձեր համեստ պատկառանաց համար, միթէ այժմ կապրի՞ր դուք, եւ լաւագոյն չէ՞ր ձեզ մեռնիլ քան այդ շարավիշտ կեանք։

Ի՞նչ անդաստան կը խօսիս դու, հէք ողբերգու. իբրեւ զառանցող բանդա գուշ կր լինիս, կարծելով թէ աշխարհիս վերայ կիներ սուր եւ բազուկ ունին. մինչ քաջաբազուկ հուժկու այրեր կը վատանան իրենց ընտանեկան պատիւ մահու չափ պաշտպանելու, դու գիտես թէ քանի՞ դժուարին է որ տկար ու տանտիկին կիներ դիւցազնանան։

Այո՜, այդ ցիտեմ. բայց միթէ չառաքինացան Հայող աշխարհի կանայք ու տիկնայք, մինչ նորա այրերր շղթայակապ վարեցին ի Խուժաստան, նոքա անայր եւ անտերունջ մնացին, կանացի տկարութեան անտար վիշտերուն դէմ մրցեցին, Պարսկական կրակին դէմ անվառ մնացին, կրօն, հաւատ եւ սուրբ