Էջ:Mkrtich Khrimian, Works (Խրիմյան Հայրիկ, Երկեր).djvu/447

Այս էջը սրբագրված է

այդ խնդիրն իմ բաժին եւ իրաւունքն է, թողէք ես միայնակ կը լուծեմ զայն։ Զարնելով զարնելով բազուկներ պարտասեցան. կասեն թէ սուրն եւս բթացաւ, եւ հանգոյցը դեռ անլուծանելի մնաց։

Ո՛վ դժոխային կնճիռ, որ մարդկանց արիւնով կը մածանիս եւ քա՛նի երթաս՝ կը կնճռիս, թշուառ ժողովուրդներ որչա՜փ զոհեր տուին եւ որչա՜փ արիւն թափեցին քեզ համար։ Թէ լուծուիս՝ Պուլկարիոյ արեան գին ազատութիւն կը խոստանաս. այլ կը մոռնաս ու բնաւ չես յիշեր Հայոց անպարտ արիւն եւ իւր տուած անհուն զոհեր։

Ո՛վ Երկնից արդարութիւն, մարդկանց փրկութիւն ընդունայն է. սուրդ երկայնմտութեան պատենէն հա՛ն, դու մի անգամ հա՛ր եւ լուծէ՛ այս յաւիտենական հանգոյցը, որ աշխարհիս վերայ գայթակղութիւն մի դարձեր է. վա՜յ նոցա՝ որոց ձեռքով այս աշխարհաքանդ գայթակղութիւն կու գայ։

Դու կը տեսնաս, երբ գահեր կռիւ ուզեն՝ Արեւելեան խնդիր կը յուղեն՝ եւ երբ աշխարհակալել կամին՝ դարձեալ Արեւելեան խնդիր կը հանեն։ Մինչեւ յե՞րբ գահեր թողուն մարդկութեան վայելուչ խօսք, խորհուրդ եւ ուխտ, սրով եւ արիւնով խօսին. մինչեւ յե՞րբ զօրաւորներ կռուին՝ տկար եւ անզօր ազգեր ոտքի տակ ճմլուին, պատերազմի արշաւանքներու առաջ խեղճ ժողովուրդ աշխարհաքանդ ու տնաքանդ լինի։

Նեղեալք տառապեալ, զրկեալ, հարստահարեալ, կոտորեալ, վարատեալ, չքաւորեալ եւ յուսահատեալ ժողովուրդ ճնշող երկաթին տակ կը հեծէ, կաղաղակէ եւ կօրհնէ քո անուն, ո՛վ Տէր, տո՛ւր մեզ քո մշտնջենաւոր խաղաղութիւն։

Ասա՛ թող հանդարտին խռովեալ ծովեր. ասա թող կտրին Կրուբի թնդանոթի ձայներ. ասա՛ գահերուն թող սուրերն ի պատեան դնեն։ Ես գիտեմ, նոքա ո՜չ կը կարդան եւ ո՛չ քո բան ի միտ կառնուն, թէ «Որ սուր առնու, սրով անկանիցի»։

Տէ՜ր, դու գիտէիր կանխաւ, որ աշխարհ եւ գահերն զմեզ կը չարչարեն. սորա համար ասացիր որ աղօթենք եւ միայն քո արքայութիւն խնդրենք։ Մարդիկ անգիտանալով՝ Սաւո՜ւղ, Սաւո՜ւղ կը խնդրեն։

Այլ քո ճշմարիտ հաւատացեալներ պէտք է յամենայն ժամ այս խնդրեն. Եկեսցէ արքայութիւն քո, որ է ճշմարիտ խաղաղութիւն, սէր եւ հաւասար եղբայրութիւն, եւ քո բարի կամքն այն է որ մարդիկ այս պայմանով ապրին աշխարհիս վերայ։